Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ հայազգի միջազգային վարպետ Միքայէլ Յակոբով Քալաժոքիի մէջ տեղի ունեցած Ֆինլանտայի ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն առաւելագոյն 10 կէտէն 9 կէտ ապահովելով նուաճեց երկրին 2015-ի ախոյեանի կոչումը:
Յակոբով երկու կէտով գերազանցեց իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` միջազգային վարպետ Սամփսա Նիսթը: