Մարզական

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի – Էքուատոր Բացման Մրցումով Կը Սկսի Մրցաշարքը

Մասնակցութեամբ 12 խումբերու, Չիլիի մէջ կը սկսի «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ 44-րդ անգամ ըլլալով: Հիւրընկալ երկիրը` Չիլի, իր դիմաց մեծ առաքելութիւն մը ունի` նկատի ունենալով, որ անիկա 99 տարուան մէջ 36 փորձերու ընթացքին չէ կրցած տիրանալ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Անիկա չորս անգամ հանդիսացած է փոխախոյեան, մինչ հինգ առիթներով գրաւած է երրորդ դիրքը: Պոլիվիա, Քոլոմպիա, Փերու եւ Փարակուէյ...

Եուրօ-2016. Հայաստան – Փորթուգալ Մրցումին Իրաւարարները` Պելճիքայէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ շաբաթ, 13 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք Հայաստան - Փորթուգալ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Պելճիքայէն: Մրցումը կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին որոշումով, կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Սերժ Կիւմիեննի, կողմի իրաւարարներն են` Ֆրանք Պլեյէն եւ Ճիմի Քրեմըրզ, իսկ օգնական իրաւարարները Թհիպօ Նիժսըն...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Կիրակի, 14 Յունիսին` Ֆալուղայի Ռելին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 14 յունիսին տեղի պիտի ունենայ Ֆալուղայի ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Նշենք, որ կազմակերպիչ ակումբը այսօր պաշտօնապէս պիտի հրապարակէ ռելիին մասնակցողներուն անունները:

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Քաւալիրզը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, Քլիվլենտ Քաւալիրզ 96-91 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի: Սակայն, հակառակ ատոր, այժմ Ուորիըրզ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը` նկատի ունենալով, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեց (108-100 եւ 95-93):  

Ճատրակ. Չեխովի Անուան Թիւ 55 Դպրոցի Խումբը Ախոյեան` Ռուսիոյ Մէջ

Սոչիի մէջ աւարտեցաւ «Սպիտակ նաւակ» կոչուող ճատրակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիոյ տարբեր շրջաններու դպրոցներու խումբերը: 82 խումբերուն կարգին եղաւ նաեւ Հայաստանը ներկայացնող Երեւանի Չեխովի անուան թիւ 55 դպրոցի խումբը, որ հանդիսացաւ ախոյեան: 9 հանգրուաններու վրայ երկարող այս մրցաշարքին հայ դպրոցականները արձանագրեցին 6 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեցին միայն մէկ պարտութիւն: Սամուէլ Խաչատրեան ապահովեց 7 կէտ, Դաւիթ Միրզոյեան` 6,5,...

Համակիրներու Երթ` Հայաստան – Փորթուգալ Մրցումէն Առաջ

Շաբաթ, 13 յունիսին, Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին, Հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալը: Հայաստանի հաւաքականի համակիրներու «ՖԱՖ» շարժումը առաջարկած է մրցումէն առաջ մասնակցիլ միասնական երթի: Շարժումին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի հաւաքականին բոլոր համակիրները (պայման չէ, որ տոմս գնած ըլլան) կը հրաւիրենք 13 յունիսին, ժամը 16:30-ին, ֆրանսական հրապարակին...

Թենիս. Ալեքսանտր Սարգսեան Առաջին Անգամ Ըլլալով «Էյ. Թի. Փի. Չելընճըր»-ի Յաղթական

Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Էյ. Թի. Փի. Չելընճըր»-ի միջազգային մրցաշարքի աւարտականին, Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգսեան 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Սմիթ Քոների, կը յայտնէ ArmSport.am: Այս յաջողութիւնը առաջինն է Սարգսեանի համար: Ան ապահովեց վարկանշային 80 կէտ: Բացի ատկէ, ան արժանացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ամէնէն բարձր դրամական պարգեւին` 7200 ամերիկեան տոլար: Նշենք, որ «Էյ. Թի. Փի.»-ի դասաւորման...

2018-ի Մոնտիալ. Լիբանան Կը Պատրաստուի Քուէյթի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Վաղը` հինգշաբթի, 11 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը կատարէ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը` Քուէյթի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին: Նշենք, որ Է. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի մրցակիցներն են նաեւ Լաոս, Միանմար եւ Հարաւային Քորէա: Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նոր մարզիչն է Միոտրակ...

Եուրօ-2017. Մոլտովա – Մալթա Մրցումին Իրաւարարները Պիտի Ըլլան Հայաստանէն

Հինգշաբթի, 11 յունիսին, Եուրօ-2017-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Մոլտովա - Մալթա մրցումը` Քիշնեւի մէջ: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Հայաստանէն, նշանակուած` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Զաւէն Յովհաննիսեան, մինչ կողմի իրաւարարները` Մեսրոպ Ղազարեան եւ Արման Ղուչեան: Իսկ չորրորդ իրաւարարը պիտի ըլլայ Սուրէն Բալիեան:...

Լացիօ Ռոմա Վան Փերսիի Կ՛առաջարկէ Տարեկան 4 Միլիոն Եւրօ

Իտալական մամուլը կը հաղորդէ, որ Լացիօ Ռոմա ֆութպոլի ակումբին պատասխանատուները Մանչեսթըր Եունայթըտի հոլանտացի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսիի առաջարկած են 4 տարուան պայմանագիր մը ստորագրել իրենց հետ: Եթէ 31 տարեկան ֆութպոլիստը համաձայն գտնուի այս առաջարկին, իբրեւ տարեկան աշխատավարձ պիտի գանձէ 4 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ նախապէս Վան Փերսիով հետաքրքրուած էին այլ ակումբներ ալ, որոնց կարգին` Եուվենթուս, Ա. Էս. Ռոմա եւ Փարիզ...

Փիրլօ Դէպի Աւստրալիա՞

«Տը Սիտնի Մոռնինկ Հերըլտ» կը հաղորդէ, որ շատ հաւանական է, որ Եուվենթուսի միջնապահ Անտրէա Փիրլօ մեկնի Աւստրալիա եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ հոն` մաս կազմելով Սիտնի ակումբին: Հաւանական է, որ աւստրալիական ակումբին պատասխանատուները գալով Թորինօ, բանակցութիւններ կատարեն ձեռք ձգելու համար 36 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը: Փիրլոյով հետաքրքրուած է նաեւ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Սիթի: «Քալչիօ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին Փիրլօ Եուվէի...

Ֆիորենթինա Պաշտօնանկ Ըրաւ Մոնթելան

Ֆիորենթինայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը պաշտօնանկ ըրաւ խումբին մարզիչը` Վիչենցօ Մոնթելան: Շրջան ընող լուրերուն համաձայն, ակումբը անոր առաջարկած է երկարաձգել պայմանագրութիւնը, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր կողմէ երկար ժամանակ դրական պատասխան չէ ստացած, ակումբը այդ կեցուածքը նկատած է համաձայնագիրը խզելու մտադրութիւն: Այս իրողութենէն մեկնելով` Ֆիորենթինա պաշտօնանկ ըրաւ Մոնթելան, անոր պայմանագրութեան աւարտէն մէկ տարի առաջ: Կը կարծուի, որ ան համաձայն...

Աթլեթիզմ.  Քըրթպաուի Լիբանանին Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Աթլեթիզմ. Քըրթպաուի Լիբանանին Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Ինչպէս ծանօթ է, Թունուզի մէջ տեղի կ՛ունենայ Աթլեթիզմի կրտսերներու (երկսեռ) արաբական 5-րդ ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան: Առաջին օրը Լիա Օպէյտ Լիբանանին ապահոված էր ոսկի մետալ մը 100 մեթր վազքի մրցումին: Շանվիլի անոր խմբակից Սարա-Ճօ Քըրթպաուի երէկ Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը, երբ 800 մեթր վազքի մրցումին արձանագրեց 2' 14" 85 արդիւնք մը: Ան այս ձեւով լիբանանեան...

Նախկին Ֆութպոլիստ Քեմպըլ Մտադիր Է Դառնալ Լոնտոնի Քաղաքապետ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Սոլ Քեմպըլ հաստատեց Լոնտոնի քաղաքապետի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութիւնը: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2016-ին: 40 տարեկան Քեմպըլ, որ բաւական տպաւորիչ մրցումներ ունեցաւ Արսենալի հետ եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 4 տարի առաջ, իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Գիտակցաբար տուի այս որոշումը, միեւնոյն ժամանակ ալ գիտնալով, որ թերեւս չյաջողիմ: Երբեմն կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք...

13-21 Յունիսին. Թենիսի Մրցաշարք` Լուէյզի Ակումբին Կազմակերպութեամբ

Կազմակերպութեամբ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին, 13-21 յունիսին ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ տարբեր դասակարգերու մրցաշարք մը` հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 11 յունիս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-222697 (Նեպիլ Սասին) եւ 03-824901 (Թանիոս Քանաան):

Աթլեթիզմ. Լիա Օպէյտ Լիբանանին Ապահովեց Ոսկի Մետալ Մը

Թունուզի մէջ նախորդ շաբաթավերջին սկսան տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու արաբական ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան: Աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումին, Լիա Օպէյտ Լիբանանին ապահովեց ոսկի մետալ մը, երբ արձանագրեց 12" 40 արդիւնք մը: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սալահ Ֆարրան, իսկ ախոյեանութեան մասնակցող լիբանանցի մարզիկներն են` Սարա Ճօ Քըրթպաուի (800 եւ 1500 մեթր), Լիա Օպէյտ...

«Ֆորմիւլա-1».  Հեմիլթըն` Քանատայի Կրան-Փրիին Յաղթականը

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն` Քանատայի Կրան-Փրիին Յաղթականը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Քանատայի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Մոռնալով վերջին` Մոնաքոյի կրան փրիին իր կրած ձախողութիւնը, անգլիացի գործող ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն (Մերսետես) տիրացաւ Քանատայի կրան փրիի տիտղոսին, այսպիսով տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Հեմիլթըն 17 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր խմբակիցին` Նիքօ Ռոզպըրկի վրայ, որ հանդիսացաւ...

Թենիս. Վաւրինքա Բարձրացաւ 4-րդ Դիրք

Սթանիսլաւ Վաւրինքա Երէկ` երկուշաբթի, 8 յունիսին թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց միջազգային նոր դասաւորումը: Բնականաբար այս նոր դասաւորումը կրեց կարգ մը հիմնական փոփոխութիւններ` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտած «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կարգ մը մարզիկներ արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ: Զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքա, որ տիրացաւ տղոց տիտղոսին, 9-րդ դիրքէն բարձրացաւ 4-րդ դիրք: Իսկ աղջկանց պարագային փոխախոյեան...

Չինաստանի Մէջ.  Քաթիա Ռաշետ Արձանագրեց Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Չինաստանի Մէջ. Քաթիա Ռաշետ Արձանագրեց Տպաւորիչ Արդիւնքներ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, լիբանանեան «Էլիթ» ակումբին մաս կազմող Քաթիա Ռաշետ նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած «Կոպի Մարչ» անապատային 250 քմ վազքի մրցումին: Ընդհանուր դասաւորման մէջ Ռաշետ 34 ժամ 49' 57" արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 3-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Տեֆլի Ցալի (Նորվեկիա), որ արձանագրեց 32 ժամ 07' 05" արդիւնք...

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Արագացնել Տէ Ժէայի Իր Կազմին Միացումը

«ԱՍ» պարբերաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ արագացնել Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէայի իր կազմին միացումը: 24 տարեկան սպանացի բերդապահին փոխանցումը արագացնելու համար, արքայական ակումբը պատրաստ է ծախելու Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր փոխանցումներու նպատակներէն մէկը եղող Քարիմ Պենզեման: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին տեղեկութիւններուն, 27 տարեկան ֆրանսացի Պենզեմայի փոխանցման գումարը կը կարծուի ըլլալ 55 միլիոն եւրօ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Տէ Ժէայի, կը...

Page 1221 of 1275 1 … 1,220 1,221 1,222 … 1,275

Արխիւներ