Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի – Էքուատոր Բացման Մրցումով Կը Սկսի Մրցաշարքը

June 11, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-10-15_copaՄասնակցութեամբ 12 խումբերու, Չիլիի մէջ կը սկսի «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ 44-րդ անգամ ըլլալով:

Հիւրընկալ երկիրը` Չիլի, իր դիմաց մեծ առաքելութիւն մը ունի` նկատի ունենալով, որ անիկա 99 տարուան մէջ 36 փորձերու ընթացքին չէ կրցած տիրանալ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Անիկա չորս անգամ հանդիսացած է փոխախոյեան, մինչ հինգ առիթներով գրաւած է երրորդ դիրքը:

Պոլիվիա, Քոլոմպիա, Փերու եւ Փարակուէյ քիչ մը աւելի բախտաւոր են, որովհետեւ անոր տիրացած են նուազագոյնը մէկ անգամ:

Արժանթին, որ վերջին անգամ այս տիտղոսին տիրացած է 22 տարի առաջ, իր կարգին իր ամէն կարելին պիտի ընէ այս տիտղոսը բարձրացնելու` 15-րդ անգամ ըլլալով:

Նշենք, որ «Քոփա Ամերիքա»-ին ամէնէն շատ տիրացած եւ մրցանիշ հաստատած (15) խումբն է Ուրուկուէյ:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հարաւային Ամերիկայի տասը խումբերը, որոնց կու գան միանալու Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Քարիպեաններէն մէկական խումբ, այս անգամ` Մեքսիքա եւ Ժամայքա:

Երեք խմբակներու առաջին երկու խումբերը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երրորդ դիրքը գրաւած երկու խումբեր կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը. այդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ նաք-աութի դրութեամբ:

Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 4 յուլիսին` Սանթիակոյի մէջ:

Ստորեւ` մրցաշարքին մասնակցող խումբերը.

Ա. ԽՄԲԱԿ.- Պոլիվիա, Չիլի, Էքուատոր եւ Մեքսիքա:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Արժանթին, Ժամայքա, Փարակուէյ եւ Ուրուկուէյ:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Պրազիլ, Քոլոմպիա, Փերու եւ Վենեզուելա:

Նշենք, որ Չիլի – Էքուատոր բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սանթիակոյի մէջ եւ անոր ազդանշանը պիտի տրուի հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող ժամանակամիջոցին, այսինքն` Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 2:30-ին:

 

 

Նախորդը

Եուրօ-2016. Հայաստան – Փորթուգալ Մրցումին Իրաւարարները` Պելճիքայէն

Յաջորդը

Քարթինկ. Ընկերութիւններու Մրցաշարքին Տիրացաւ «Փլաթֆորմ Սթիւտիոզ»-ը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ազուր Պարտութեան Մատնեց Ռիատին` 85-88 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ազուր Պարտութեան Մատնեց Ռիատին` 85-88 Արդիւնքով

February 12, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Գէորգ Սերոբեան` Ռուսիոյ Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Գէորգ Սերոբեան` Ռուսիոյ Ախոյեան

February 12, 2026
Վալերի Ծառուկեան Միացաւ Ախմատին
Մարզական

Վալերի Ծառուկեան Միացաւ Ախմատին

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.