«Տը Սիտնի Մոռնինկ Հերըլտ» կը հաղորդէ, որ շատ հաւանական է, որ Եուվենթուսի միջնապահ Անտրէա Փիրլօ մեկնի Աւստրալիա եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ հոն` մաս կազմելով Սիտնի ակումբին:
Հաւանական է, որ աւստրալիական ակումբին պատասխանատուները գալով Թորինօ, բանակցութիւններ կատարեն ձեռք ձգելու համար 36 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը:
Փիրլոյով հետաքրքրուած է նաեւ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Սիթի:
«Քալչիօ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին Փիրլօ Եուվէի հետ 32 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ: