Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ շաբաթ, 13 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք Հայաստան – Փորթուգալ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Պելճիքայէն: Մրցումը կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին որոշումով, կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Սերժ Կիւմիեննի, կողմի իրաւարարներն են` Ֆրանք Պլեյէն եւ Ճիմի Քրեմըրզ, իսկ օգնական իրաւարարները Թհիպօ Նիժսըն (4-րդ իրաւարար), Ալեքսանտր Պուշօ եւ Պարթ Վերթենթեն: