Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 14 յունիսին տեղի պիտի ունենայ Ֆալուղայի ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անոր ազդանշանը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 9:00-ին:
Նշենք, որ կազմակերպիչ ակումբը այսօր պաշտօնապէս պիտի հրապարակէ ռելիին մասնակցողներուն անունները: