Ֆիորենթինայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը պաշտօնանկ ըրաւ խումբին մարզիչը` Վիչենցօ Մոնթելան:
Շրջան ընող լուրերուն համաձայն, ակումբը անոր առաջարկած է երկարաձգել պայմանագրութիւնը, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր կողմէ երկար ժամանակ դրական պատասխան չէ ստացած, ակումբը այդ կեցուածքը նկատած է համաձայնագիրը խզելու մտադրութիւն:
Այս իրողութենէն մեկնելով` Ֆիորենթինա պաշտօնանկ ըրաւ Մոնթելան, անոր պայմանագրութեան աւարտէն մէկ տարի առաջ:
Կը կարծուի, որ ան համաձայն պիտի գտնուի ստանձնելու Ա. Սէ. Միլանի մարզիչի պաշտօնը: