«ԱՍ» պարբերաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ արագացնել Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէայի իր կազմին միացումը:
24 տարեկան սպանացի բերդապահին փոխանցումը արագացնելու համար, արքայական ակումբը պատրաստ է ծախելու Մանչեսթըր Եունայթըտի գլխաւոր փոխանցումներու նպատակներէն մէկը եղող Քարիմ Պենզեման:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին տեղեկութիւններուն, 27 տարեկան ֆրանսացի Պենզեմայի փոխանցման գումարը կը կարծուի ըլլալ 55 միլիոն եւրօ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Տէ Ժէայի, կը կարծուի, որ անոր փոխանցումը արժէ 30 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ անգլիական ակումբին հետ սպանացիին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-ի ամրան: