Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Սոլ Քեմպըլ հաստատեց Լոնտոնի քաղաքապետի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութիւնը:
Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2016-ին:
40 տարեկան Քեմպըլ, որ բաւական տպաւորիչ մրցումներ ունեցաւ Արսենալի հետ եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 4 տարի առաջ, իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Գիտակցաբար տուի այս որոշումը, միեւնոյն ժամանակ ալ գիտնալով, որ թերեւս չյաջողիմ: Երբեմն կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք 5-15 տարի կը զբաղին քաղաքականութեամբ եւ պարզապէս զզուելի բաներ ըրած են: Իսկապէս, կ՛ուզեմ դրականօրէն փոխել Լոնտոնը»:


