Թունուզի մէջ նախորդ շաբաթավերջին սկսան տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու արաբական ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան:
Աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումին, Լիա Օպէյտ Լիբանանին ապահովեց ոսկի մետալ մը, երբ արձանագրեց 12″ 40 արդիւնք մը:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Սալահ Ֆարրան, իսկ ախոյեանութեան մասնակցող լիբանանցի մարզիկներն են` Սարա Ճօ Քըրթպաուի (800 եւ 1500 մեթր), Լիա Օպէյտ (100 եւ 200 մեթր), Ահմետ Շուր (800 եւ 1500 մեթր) եւ Ժան-Քլոտ Ֆայսալ (գունդ եւ սկաւառակ նետել):