Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, լիբանանեան «Էլիթ» ակումբին մաս կազմող Քաթիա Ռաշետ նախորդ շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը բերաւ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած «Կոպի Մարչ» անապատային 250 քմ վազքի մրցումին:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ Ռաշետ 34 ժամ 49′ 57″ արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 3-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Տեֆլի Ցալի (Նորվեկիա), որ արձանագրեց 32 ժամ 07′ 05″ արդիւնք մը, իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց հարաւային քորէացի Ժիոնկ Մի Սոնկ (34 ժամ 05′ 12″):
Իր տարիքային (30-39 տարեկան) դասաւորման մէջ Քաթիա Ռաշետ գերազանցելով բոլորը գրաւեց առաջին դիրքը:
Այստեղ յիշատակութեան արժանի է այն կարեւոր կէտը, որ 45 վազողներուն մէջ Քաթիա Ռաշետ միակ արաբ մարզիկուհին է, որ կը մասնակցի անապատային վազքի այս մրցումին, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ անիկա վազքի դժուար մրցում մըն է, որ կ՛երկարի երեք օրերու վրայ:
Նշենք, որ երէկ Քաթիա Ռաշետ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: