Ինչպէս ծանօթ է, Թունուզի մէջ տեղի կ՛ունենայ Աթլեթիզմի կրտսերներու (երկսեռ) արաբական 5-րդ ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան:
Առաջին օրը Լիա Օպէյտ Լիբանանին ապահոված էր ոսկի մետալ մը 100 մեթր վազքի մրցումին:
Շանվիլի անոր խմբակից Սարա-Ճօ Քըրթպաուի երէկ Լիբանանին ապահովեց արծաթ մետալ մը, երբ 800 մեթր վազքի մրցումին արձանագրեց 2′ 14″ 85 արդիւնք մը:
Ան այս ձեւով լիբանանեան երկու մրցանիշ հաստատեց, առաջինը` 16-17, իսկ երկրորդը` 18-19 տարեկան դասակարգերուն մէջ:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութ կը վերադառնայ այսօր:


