Կազմակերպութեամբ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին, 13-21 յունիսին ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ տարբեր դասակարգերու մրցաշարք մը` հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 11 յունիս, կէսօրուան ժամը 12:00-ը:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-222697 (Նեպիլ Սասին) եւ 03-824901 (Թանիոս Քանաան):