Մարզական

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մարզական Յանձնախումբին Տարեկան 5-րդ Ճաշկերոյթը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մարզական Յանձնախումբին Տարեկան 5-րդ Ճաշկերոյթը

PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին, «Լ՛ՈՍ» ճաշարանին մէջ (Պէյթ Մերի), տեղի ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական յանձնախումբին տարեկան 5-րդ ճաշկերոյթը: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուին,...

Լիվըրփուլ Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Թեւեզը

Skysports.com կայքը կը հաղորդէ, որ Եուվենթուսի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ շատ հաւանաբար վերադառնայ Անգլիա: Արժանթինցի յառաջապահով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Լիվըրփուլ: Նշենք, որ ան նախապէս մաս կազմած է անգլիական Ուեսթ Համ, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Մանչեսթըր Սիթի ակումբներուն: Թեւեզով հետաքրքրուած է նաեւ Պոքա Ժունիորզ:

Ֆորլան Ազատ Մարզիկի Կարգավիճակ Պիտի Ունենայ

Ճափոնական Սերեսօ Օսաքա խումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբը պիտի չերկարաձգէ իր յառաջապահին` Տիեկօ Ֆորլանի պայմանագրութիւնը: Ասիկա կը նշանակէ, որ երբ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի, ան պիտի դառնայ ազատ մարզիկ: Ճափոնի 2-րդ խումբին մէջ հանդէս եկող Օսաքայի հետ 36 տարեկան ուրուկուէյցին հանդէս կու գայ նախորդ տարիէն: Ընդհանուր առմամբ 39 մրցումի ընթացքին Ֆորլան նշանակեց 16 կոլ, կը յայտնէ ArmSport.am:  

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պարսելոնա 5-րդ Անգամ Ըլլալով Դարձաւ Եւրոպայի Լաւագոյն Խումբը Եւ… Հեթրիքի Հեղինակ

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա 5-րդ Անգամ Ըլլալով Դարձաւ Եւրոպայի Լաւագոյն Խումբը Եւ… Հեթրիքի Հեղինակ

Շաբաթ, 6 յունիսին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Պարսելոնա եւ Եուվենթուս: Յատկանշական էր, որ երկու խումբերն ալ կը փորձէին տիրանալ այս տարեշրջանի իրենց երրորդ տիտղոսին` նկատի ունենալով, որ տուպլէ մը իրագործած էին իրենց երկրին ախոյեանութեան ընթացքին: Աւելի քան 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան այդ հեթրիքը իրագործողը եղաւ Պարսելոնա, որ 3-1...

Արտակ Օսէյեան` Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արտակ Օսէեան նշանակուեցաւ գլխաւոր մարզիչ: Անոր օգնականները պիտի ըլլան Կարէն Սիմոնեան եւ Վլատիմիր Վարդանեան (բերդապահներու մարզիչ): Նշենք, որ պատրաստուելու համար 16 յունիսին տեղի ունենալիք Ռումանիա - Հայաստան (Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտում) մրցումին, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը 8-14 յունիսին մարզական հաւաք...

Կռփամարտ. Դարչինեան Կրեց Իր 8-րդ Պարտութիւնը` Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին Ընթացքին

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, երկու տարբեր դասակարգերու աշխարհի նախկին ախոյեան Վախթանգ (Վիք) Դարչինեան, WBA-ի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար մենամարտի 8-րդ ռաունտին, թեքնիք նաք-աութով պարտուեցաւ արժանթինցի Խեսուս Քուելարէն: Այս պարտութիւնը 39 տարեկան կռփամարտիկին համար 8-րդն էր` իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:

Մեթալուրկ Տոնեցք Դադրեցուց Իր Գործունէութիւնը

Իր լուրը քաղելով Football.ua կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Մեթալուրկ Տոնեցք: Տոնեցքեան խումբը եւ Տնեփրոցերժինսքի Սթալ պիտի միանան: Փաստօրէն, Մեթալուրկ պիտի անհետանայ Ուքրանիոյ ֆութպոլի քարտէսէն: Նշենք, որ Մեթալուրկ, որ հիմնուած է 1996-ին, 1998-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Ուքրանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Հոս տեղին է նշել, որ Մեթալուրկէն հանդէս կու...

Տիգրան Պետրոսեանց Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Տիգրան Պետրոսեանց, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Անոր օգնական նշանակուեցան Տիգրան Առաքելեան եւ Գոռ Եդիգարեան (բերդապահներու մարզիչ):  

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս».  Սերենա Ուիլիըմզ Տիրացաւ Իր 20-րդ Կրան Շլեմի Տիտղոսին

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Սերենա Ուիլիըմզ Տիրացաւ Իր 20-րդ Կրան Շլեմի Տիտղոսին

Սերենա Ուիլիըմզ Սթանիսլաւ Վաւրինքա Ամերիկացի թիւ 1 դասուած թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզ, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Ֆրանսայի թենիսի («Ռոլան Կարոս») կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին, երբ աւարտականին 6-3, 6-7 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց 13-րդ դասուած չեխ Լիւսի Սաֆարովայի: Սերենա Ուիլիըմզ (33 տարեկան), որ իր այս յաղթանակը արձանագրեց 2 ժամ եւ 1 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, այսպիսով դարձաւ երրորդ մարզիկը (տղայ...

Համբարձումեան` Մակեդոնիոյ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Համբարձումեան` Մակեդոնիոյ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Վարտարի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան մակեդոնական պարբերաթերթի մը կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Նշենք, որ Համբարձումեան նոր աւարտած ախոյեանութեան Վարտարի ամէնէն շատ կոլի փոխանցում (8) կատարած ֆութպոլիստն է, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Ալէյքս Վիտալ Միացաւ Պարսելոնայի

Սեւիլլայի յետսապահ Ալէյքս Վիտալ իր կազմը լքելով միացաւ Պարսելոնայի` 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով խումբին հետ: Սակայն 25 տարեկան Վիտալ Պարսելոնայի հետ կրնայ դաշտ ներկայանալ միայն յառաջիկայ յունուարէն ետք, երբ ակումբին դէմ սահմանուած մարզիկներու փոխանցման արգելքը վերցուի: Միջազգային մամուլին համաձայն, Պարսելոնա անոր ակումբին պիտի վճարէ 10 միլիոն եւրօ:

Պերլուսքոնի Ծախեց Ա. Սէ. Միլանի Բաժնետոմսերուն 48 Առ Հարիւրը

Ա. Սէ. Միլանի պաշտօնական կայքը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, որ ակումբի նախագահ Սիլվիօ Պերլուսքոնի ակումբին բաժնետոմսերուն 48 առ հարիւրը ծախեց «Ֆինինվեսթ» ընկերութեան: Նախապէս ընկերութիւնը ուզած էր 1 միլիառ եւրոյով գնել բաժնետոմսերուն 100 առ հարիւրը, բայց Պերլուսքոնի մերժած էր այդ առաջարկը: Նշենք, որ կողմերուն միջեւ գործարքը կազմեց 470 միլիոն եւրօ:

Հայկական Ֆութպոլ, Գոռ Մալաքեան Հրաւիրուեցաւ Երիտասարդական Հաւաքական

Գիւմրի Շիրակի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ իր կազմին մաս կազմող միջնապահ Գոռ Մալաքեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքական: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը 8-15 յունիսին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ` պատրաստուելու համար 16 յունիսին, Ռումանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Ռումանիա - Հայաստան զտումի մրցումին:  

Քիքէ Սանչես Ֆլորես` Ուաթֆորտի Մարզիչ

Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի տարեշրջանի աւարտին բարձրագոյն դասակարգ բարձրացած Ուաթֆորտ, վերջին շրջանին մնացած էր առանց մարզիչի` նկատի ունենալով, որ Սլավիսա Եոքանովիչ ակումբին հետ չէր կրցած համաձայնութեան գալ իր աշխատավարձին գծով: Skysports.com հաղորդեց, որ Ուաթֆորտ ունեցաւ իր նոր մարզիչը` 50 տարեկան Քիքէ Սանչես Ֆլորես, որ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր կազմին հետ: Սպանացի մասնագէտը 2005-2007 ժամանակաշրջանին եղած է Վալենսիայի մարզիչը,...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Շաբաթ, 13 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Փորթուգալ Եւրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումը: Այդ մրցումին նախապատրաստուելու համար, երէկ` ուրբաթ, 5 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ սկսաւ իր մարզական հաւաքին, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սարգիս Յովսէփեան նախապատրաստական այդ հաւաքին արդէն...

Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքական Հրաւիրուեցան 23 Ֆութպոլիստներ

16 յունիսին Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի երիտասարդական ֆութպոլի հաւաքականը (21 տարեկանէն վար) Եւրոպայի 2017-ի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ: Նախապատրաստուելու համար այդ մրցումին, հայրենի կազմը 8-14 յունիսին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արտակ Օսէեան այդ մրցումին համար նկատի առաւ հետեւեալ 23 ֆութպոլիստները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Անաթոլի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Եուվենթուս Աւարտական

Այսօր` շաբաթ, 6 յունիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին, Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` Պարսելոնայի եւ Եուվենթուսի միջեւ: Երկու խումբերն ալ այս տարեշրջանին ձեռք ձգեցին բաւական լաւ արդիւնքներ` նկատի ունենալով, որ անոնք տուպլէ իրագործած են: Այսօրուան այս մրցումին արդիւնքը անոնցմէ մէկուն համար պիտի ըլլայ նշանակալից, որովհետեւ մէկը միայն պիտի իրագործէ հեթրիք մը: Նշենք, որ...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Սաֆարովա` Առաջին Անգամ Ըլլալով Կրան Շլեմի Մը Մրցաշարքին Աւարտականին

Լիւսի Սաֆարովա Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները: 13-րդ դասուած Լիւսի Սաֆարովա հանդիսացաւ առաջին չեխ թենիսվումընը, որ 34 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ապահովէ աւարտական մրցումին իր տոմսը: Բնականաբար, ատով չբաւարարուելով ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի կրան շլեմի մը մրցաշարքին աւարտականին:...

Պասքեթպոլ. Յաղթանակ` Բարեկամական Առաջին Մրցումին

Մոսկուայի մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը իր կատարած բարեկամական առաջին մրցումին 70-69 արդիւնքով յաղթեց Ռուսիոյ ուսանողական ախոյեանութեան ախոյեանին Մկուին: Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը, մրցումը տեղի ունեցած է բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ եւ երկու կողմերուն միջեւ պայքարը եղած է բաւական սուր: Սակայն մրցումին վերջին երկվայրկեանին, Հայաստանի յաղթանակ պարգեւած է Էտկար Բաբայեանի կողմէ նշանակուած 3 կէտնոց...

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Առաջին Դիրքին Վրայ

Ռոպերթ Յովհաննիսեան (ձախին) Կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ Քազանի մէջ (Ռուսիա) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Նեծմեթինովի 37-րդ ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 5 կէտէն 4,5 կէտ ապահովելով առանձինը կը գրաւէ առաջին դիրքը, կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` armchess.am: Կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան եւ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Դաւիթ Շահինեան ապահոված են 3,5 կէտ, մինչ 2,5 կէտ ապահոված է Կարինա...

Page 1222 of 1275 1 … 1,221 1,222 1,223 … 1,275

Արխիւներ