Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Էյ. Թի. Փի. Չելընճըր»-ի միջազգային մրցաշարքի աւարտականին, Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգսեան 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Սմիթ Քոների, կը յայտնէ ArmSport.am:
Այս յաջողութիւնը առաջինն է Սարգսեանի համար: Ան ապահովեց վարկանշային 80 կէտ: Բացի ատկէ, ան արժանացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ամէնէն բարձր դրամական պարգեւին` 7200 ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ «Էյ. Թի. Փի.»-ի դասաւորման մէջ Ալեքսանտր Սարգսեան բարձրացաւ 210-րդ դիրքին: