Հինգշաբթի, 11 յունիսին, Եուրօ-2017-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Մոլտովա – Մալթա մրցումը` Քիշնեւի մէջ:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Հայաստանէն, նշանակուած` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Զաւէն Յովհաննիսեան, մինչ կողմի իրաւարարները` Մեսրոպ Ղազարեան եւ Արման Ղուչեան: Իսկ չորրորդ իրաւարարը պիտի ըլլայ Սուրէն Բալիեան: