Մարզական

Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Կը Նախապատրաստուի Ռումանիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

16 յունիսին Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը պիտի մրցի Ռումանիոյ դէմ: Ներկայիս Արտակ Օսէեանի գլխաւորած խումբը հաւաք կը կատարէ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այդ հաւաքը պիտի տեւէ մինչեւ 14 յունիս, որմէ ետք խումբը պիտի մեկնի Ռումանիա, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Միջհամալսարանական Մրցաշարք.  Սեն Ժոզեֆ Ախոյեան` Գերմանիոյ Մէջ

Միջհամալսարանական Մրցաշարք. Սեն Ժոզեֆ Ախոյեան` Գերմանիոյ Մէջ

Նախանցեալ օր Գերմանիայէն Պէյրութ վերադարձաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Միջհամալսարանական 10-րդ մրցաշարքին, որ ընդգրկեց տղոց եւ աղջկանց խառն վոլիպոլ, տղոց պիչ-վոլիպոլ եւ մինի ֆութպոլ: Տղոց եւ աղջկանց խառն վոլիպոլի մրցումներուն մասնակցեցան 12 խումբեր Գերմանիայէն, Հոլանտայէն, Զուիցերիայէն, Նորվեկիայէն, Փաքիստանէն, Ֆրանսայէն եւ Լիբանանէն: Կիսաւարտականին Լիբանան 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսայի, իսկ աւարտականին նոյն արդիւնքով Զուիցերիոյ եւ հանդիսացաւ ախոյեան: Պիչ-վոլիպոլի...

Հայկական Ֆութպոլ. Կարլեն Մկրտչեան Պայմանագիր Կնքեց Փիւնիկի Հետ

Կարլեն Մկրտչեան (աջին) Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փիւնիկի հետ, յայտնեց երեւանեան ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ 26 տարեկան Մկրտչեան նախորդ տարեշրջանին մաս կը կազմէր ղազախական Թոփոլի:  

Քաթարեան Սատ Խումբին Հետ. Զաւի Պիտի Կրէ Թիւ 6 Շապիկը

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին քաթարեան Սատ խումբը ներկայացուց իր նոր մարզիկը, Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Զաւին: Sport.es յայտնեց, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 6 շապիկը: Նշենք, որ Զաւի Պարսելոնայի հետ տիրացած է տարբեր տեսակի 24 տիտղոսներու:  

ՖԻՖԱ-ի Ընտրութիւնը` Դեկտեմբեր – Փետրուար Ժամանակամիջոցին

ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ՖԻՖԱ-ի նոր նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 2015 - փետրուար 2016 ժամանակամիջոցին: Նոր ընտրուելիք նախագահը պիտի փոխարինէ Սեփ Պլեթըրը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ հաղորդեց այս լուրը, աւելցուց, որ 20 յուլիսին, երբ ՖԻՖԱ-ն Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարէ իր ժողովը, այդ ընտրութեան ճշգրիտ թուական մը պիտի ճշդէ:

2018-ի Մոնտիալ.  Լիբանան Կրեց Անսպասելի Պարտութիւն Մը Քուէյթէն` 1-0 Արդիւնքով

2018-ի Մոնտիալ. Լիբանան Կրեց Անսպասելի Պարտութիւն Մը Քուէյթէն` 1-0 Արդիւնքով

Երէկուան մրցումէն Լուսանկարները Տրամադրեց` Ատնան Հաժ Ալի Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր մրցումները Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը սկսաւ պարտութեամբ, երբ երէկ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւր կազմը` Քուէյթ, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` աւելի քան 18 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Եուսեֆ Նասեր` 86-րդ վայրկեանին, օգտուելով Լիբանանի բերդապահին` Ապպաս Հասանի...

Այսօր` Եւրոպական Խաղերուն Բացումը.  Հայաստանի Պատուիրակութեան Անդամները Արդէն Իսկ Պաքու Կը Գտնուին

Այսօր` Եւրոպական Խաղերուն Բացումը. Հայաստանի Պատուիրակութեան Անդամները Արդէն Իսկ Պաքու Կը Գտնուին

Եւրոպական ամառնային առաջին խաղերուն մասնակցող Հայաստանի հաւաքականի մամլոյ քարտուղար Կարէն Գիլոյեան առաջին հաղորդագրութիւնը ուղարկեց Պաքուէն: «Աւելի քան 10 հոգիէ բաղկացած մեր խումբը արդէն իսկ մէկ օրէ ի վեր կը գտնուի Պաքու: Մենք հաստատուած ենք խաղերուն մարզական աւանին մէջ: Մեզի հետ նոյն շէնքին մէջ կը գտնուի Շուէտի հաւաքականը, որուն կազմին մէջ կայ հայ մարզիկ մը: Այդտեղ կը գտնուին նաեւ Գերմանիոյ, Ֆինլանտայի,...

Աթլեթիզմ. Լիբանան 1 Ոսկի Եւ 2 Արծաթ Մետալներով Վերադարձաւ Թունուզէն

Երէկ` հինգշաբթի, 11 յունիսին, Թունուզէն Պէյրութ միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու Արաբական աթլեթիզմի 5-րդ ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնած էին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Էլի Սաատէ, ֆետերասիոնի անդամ Էլի Տագեսեան, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները: Թունուզի մէջ Լիբանան տիրացաւ երեք մետալի: Ոսկի մետալին տիրացաւ Լիա...

Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Նորվեկիոյ Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 15-26 յունիսին Նորվեկիոյ ճատրակի գերմրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Սթավակնըրի մէջ: 20 յունիսը հանգիստի օր պիտի ըլլայ: Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Քարլսըն, Քարուանա, Անանտ, Նաքամուրա, Թոփալով, Կրիսչուք, Կիրի, Վաշիէ-Լակրաւ եւ Հեմըր:

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Նորայր Աւետիսեան Գրաւեց 6-րդ Դիրքը

Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան 85 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանը ներկայացնող Նորայր Աւետիսեան, բարձրացնելով 333 քկ (145+188) գրաւեց 6-րդ դիրքը: Ոսկիէ մետալին տիրացաւ Չինաստանի ներկայացուցիչը, որ բարձրացուց 363 քկ (156+197): Հայաստանի երրորդ եւ վերջին ներկայացուցիչը` գերծանր դասակարգին մէջ հանդէս եկող Սիմոն Մարտիրոսեան, պիտի փորձէ տիրանալ ոսկի մետալին, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:  

Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան Հանդիսացաւ 5-րդ

Հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քազանի մէջ աւարտած Նեծմետինովի անուան նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով 94 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ ռուս կրանտմասթըր Տենիս Խիսմաթուլին, որ ապահովեց 7 կէտ, կը յայտնէ Armchess.am: Կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան ապահովեց 6 կէտ, իսկ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Դաւիթ Շահինեան` 5 կէտ:

Հայկական Ֆութպոլ. Պերեզովսքի Շատ Հաւանաբար Հանդէս Գայ Փիւնիկի Հետ

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի հիմնական բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի առաջարկ մը ստացած է Փիւնիկ Երեւանէն: 40 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը Տինամօ Մոսկուայի հետ աւարտած ըլլալով, ան ներկայիս ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունի: Ասկէ մեկնելով` Փիւնիկ «Չեմփիընզ լիկ»-ի սկիզբէն առաջ կ՛ուզէ զօրացնել իր կազմը: Շատ հաւանական է, որ Եուրօ-2016-ի Հայաստան - Փորթուգալ մրցումին յաջորդող օրը Պերեզովսքի եւ Փիւնիկ...

Մաքլարըն Նշանակուեցաւ Նիւքասըլի Մարզիչ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սթիւ Մաքլարըն նշանակուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Նիւքասըլի մարզիչ: 54 տարեկան Մաքլարըն երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Նիւքասըլի հետ` զայն երկարաձգելու կարելիութեամբ:  

Աղջկանց Աշխարհի Մոնտիալ. Մարթա` Լաւագոյն Ռմբարկուն

Պրազիլի ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբի յառաջապահ Մարթա հանդիսացաւ աշխարհի Մոնտիալի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն: Հարաւային Քորէայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ան փենալթի մը կոլի վերածելով 15-ի բարձրացուց Մոնտիալի մրցումներուն իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը: Այսպիսով, 29 տարեկան Մարթա շրջանցեց գերմանացի Պիրկիտ Փրինցը, կը յայտնէ ArmSport.am: Նոյն այդ մրցումին նոյնպէս կոլի հեղինակ դարձաւ պրազիլցի Ֆորմիկա: Այսպիսով, 37 տարեկան Ֆորմիկա հանդիսացաւ ամէնէն տարիքոտ...

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր` Լիբանան – Քուէյթ

ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Այսօր` հինգշաբթի, 11 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Սայտայի ֆութպոլի քաղաքապետարանի դաշտէն Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը սկսի իր ճամբան դէպի 2018-ի Մոնտիալ, երբ կը կատարէ զտումի իր առաջին մրցումը Քուէյթի դէմ: Պէտք է ըսել, որ Ասիոյ ցամաքամասին մաս կազմած Լիբանանի Է. խմբակը կը նկատուի քիչ մը զօրաւոր, մանաւանդ Հարաւային Քորէայի ներկայութեան: Հետեւաբար, անոնք երկուքը պիտի փորձեն նուազագոյնը...

Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան` Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեան

Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ երեք ծանրաբարձներով: Անոնք են` Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ), Նորայր Աւետիսեան (85 քկ) եւ Սիմոն Մարտիրոսեան (գերծանր): Եւրոպայի մեծերու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Անդրանիկ Կարապետեան` հրաշալի ելոյթ ունենալով եւ բարձրացնելով 355 քկ (155 եւ 180), տիրացաւ ոսկիէ մետալին, հանդիսանալով երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան: Լուրը փոխանցեց ArmSport.am` օգտագործելով Հայաստանի...

Բազկամարտ. Վազգէն Սողոյեան Հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու Ախոյեան Եւ Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու բազկամարտի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ բնակող Վազգէն Սողոյեան: Սողոյեան, որ հանդէս եկաւ 70 քկ դասակարգի մրցումներուն, աջ ձեռքով տեղի ունեցած ախոյեանութեան գրաւեց առաջին դիրքը` դառնալով ախոյեան: Ան այսպիսով ընդգրկուեցաւ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին մէջ եւ սեպտեմբերին Քուալա Լամփուրի մէջ կը մասնակցի աշխարհի...

Եւրոպական Խաղեր. Ճէյմս Ուորլիք Յաջողութիւն Մաղթեց Հայ Մարզիկներուն

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 յունիսին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք հանդիպում ունեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներուն հետ: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի կառավարութեան եւ ձեր խիզախ որոշումը` մասնակցելու Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն: Մենք հայ մարզիկներուն կը մաղթենք յաջողութիւն` իրենց կատարելիք մրցումներուն մէջ»: ArmSport.am կ՛եզրափակէ նշելով, որ Հայաստանի մէջ գտնուող Միացեալ...

Քարթինկ.  Ընկերութիւններու Մրցաշարքին Տիրացաւ «Փլաթֆորմ Սթիւտիոզ»-ը

Քարթինկ. Ընկերութիւններու Մրցաշարքին Տիրացաւ «Փլաթֆորմ Սթիւտիոզ»-ը

PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Ար. Փի. Էմ.» վազքուղիին վրայ (Մթէյն) առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ընկերութիւններու Քարթինկի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու (իւրաքանչիւր խումբ` 4 վարորդ): Ըստ մրցաշարքին օրէնքին, պէտք է իւրաքանչիւր վարորդ իր ինքնաշարժը քշէ 15 վայրկեան: Այն խումբը, որ այդ մէկ ժամուան միջոցը ամէնէն արագը կը կտրէ, կը տիրանայ տիտղոսին: Աւարտին յստակացաւ, որ տիտղոսին տիրացաւ «Փլաթֆորմ...

Page 1220 of 1275 1 … 1,219 1,220 1,221 … 1,275

Արխիւներ