Մարզական

Քոփա Ամերիքա. Չիլի Հանդիսացաւ Ախոյեան` Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը մրցաշարքը հիւրընկալող երկրին` Չիլիի եւ Արժանթինի միջեւ: Չիլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, երբ փենալթիներով 4-1 արդիւնքով յաղթեց Արժանթինի: Նշենք, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով: Հիւրընկալ երկիրը, որ միայն առաջին անգամ ըլլալով 38 պաշտօնական մրցումի ընթացքին յաղթեց Արժանթինի, այսպիսով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին,...

Եունիվերսիատ-2015. Անդրանիկ Չափարեան Հանդիսացաւ 7-րդ

Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցող ամառնային Եունիվերսիատի շրջանակներուն մէջ սկսաւ ժիւտոյի մրցաշարքը: Այս մարզաձեւին մէջ Հայաստանը կը ներկայացնեն Արսէն Ղազարեան, Դաւիթ Նիկողոսեան եւ Անդրանիկ Չափարեան: Թէեւ 81 քկ դասակարգին մէջ Չափարեան 1-16-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտուեցաւ հարաւային քորէացի իր մրցակիցէն, սակայն յաջողեցաւ մրցաշարքը շարունակել, բայց նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը հասաւ աւարտական հանգրուան, ինք շարունակելով մրցաշարքը վերջնական արդիւնքով գրաւեց...

Եունիվերսիատ-2015. Արթուր Թովմասեան Համեստ Ելոյթ Ունեցաւ

Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցող Եունիվերսիատ 2015-ի խաղերուն շրջագիծին մէջ, պայքարի մէջ ներգրաւուած են նաեւ մարմնամարզիկները, կը յայտնէ ArmSport.am: Գեղարուեստական մարմնամարզութեան մարզաձեւին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Արթուր Թովմասեան 15.750 կէտ ապահովելով անհատական պայքարին մէջ գրաւեց 66-րդ դիրքը: Այս մրցումին մասնակցեցան 88 մարզիկներ: Սուսերամարտի մրցումներուն (աղջիկներ), Լիլիթ Էվոյեան 1-64-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտութիւն կրելով իտալացի Ճիորճիա Փոմեթիէն, դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:

Հայաստանի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցին 8 Խումբեր

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին կը մասնակցին 8 խումբեր, որոնք մրցումներ պիտի կատարեն 4 հանգրուանով: Այդ ախոյեանութեան մասնակցող 8 խումբերն են` Փիւնիկ, Ուլիս, Շիրակ, Ալաշկերտ, Միքա, Գանձասար-Կապան, Բանանց եւ Արարատ: Նշենք, որ ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի 1 օգոստոսին:

Ռիօ-2016. Ներկայացուեցաւ Ողիմպիականին Ջահը

Նախորդ շաբաթավերջին Ռիօ Տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ 2016-ին տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն ջահը: 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն ջահը պիտի շրջի Պրազիլի 83 քաղաքներուն մէջ: Նշենք, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-21 օգոստոս 2016-ին:  

Հայկական Ֆութպոլ. Ստեփան Ղազարեան Վերադարձաւ Բանանց

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ընդառաջ, Բանանց Երեւան վերադարձաւ փորձառու բերդապահ Ստեփան Ղազարեան, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը: Լուրը հաղորդող ArmSport.am կայքը կը շարունակէ նշելով, որ Ղազարեան 2007-2013 տարիներուն հանդէս եկած է Բանանցի կազմին մէջ, իսկ վերջին տարիներուն խաղցած է Արարատի եւ Ալաշկերտի կազմերուն հետ: Նշենք, որ Բանանցի հետ պայմանագիր ստորագրած են նաեւ պրազիլցի Լայերսիոն եւ Միքայի նախկին...

«Ֆորմիւլա-1».  Հեմիլթըն Առաջին Իր Հայրենիքին` Անգլիոյ Մէջ

«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Առաջին Իր Հայրենիքին` Անգլիոյ Մէջ

Երէկ, «Ֆորմիւլա -1»-ի աշխարհի ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով իր երկրին մէջ եւ իր համակիրներուն ներկայութեան տիրացաւ Անգլիոյ կրան փրիի մրցումին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Նիքա Ռոզպըրկ հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ փոտիում բարձրացած երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Սեպասթիան Վեթել: Նշենք, որ Հեմիլթըն արձանագրեց 1 ժամ 31'27'' արդիւնք մը, մինչ անոր ետին գտնուողները` 10" ուշ եւ...

Պասքեթպոլ. Հայաստան Կատարեց Բարեկամական Իր Վերջին Մրցումը

Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը Մոսկուայի մէջ կատարեց իր բարեկամական վերջին մրցումը` ճակատելով Ռոսնեֆթ Օքրանա խումբին դէմ եւ պարտուելով 76-65 արդիւնքով: Հայրենի կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արտեոմ Թաւաքալեան (18 կէտ): Հայաստան այս ձեւով իր վերջին նախապատրաստութիւնը կատարեց 9-19 յուլիսին Հունգարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն: Նշենք, որ հայրենի կազմը 7 յուլիսին Մոսկուայէն կը...

Եուվենթուս Օսքարի Համար Կ՛առաջարկէ 28 Միլիոն Եւրօ

«Քորիերէ Տելլօ Սփոր»-ի համաձայն, շատ հաւանական է, որ Չելսիի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Օսքար ֆութպոլիստին իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Եուվենթուսի հետ: Իտալական ակումբը 23 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 28 միլիոն եւրօ, սակայն Չելսի անոր համար կը պահանջէ 35 միլիոն եւրօ: «Փրեմիեր լիկ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին, Օսքար իր կատարած 28 մրցումին ընթացքին նշանակեց 6 կոլ:

Փինկ Փոնկ. Փաթրիք Ասսաֆի Յիշատակի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 228 Երկսեռ Մարզիկներ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին տեղի ունեցաւ Փաթրիք Ասսաֆի  յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի 11-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 228 երկսեռ մարզիկներուն, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Լիբանանեան բանակ, Անդրանիկ Անթիլիաս, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Մոն լա Սալ, Նատուա Քամաթիէ, Ժնուպ Թուլ, Շեպիպեթ Շիահ, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա, Շիահ Ռիատի, Շապապ Ֆաուար եւ Ժամհուր: Տեղի ունեցան տարիքային դասակարգերու` մեծերու, վեթերաններու իր...

Ռոման Պերեզովսքի Վերջ Մը Դրաւ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Տինամօ Մոսկուայի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի աւելի քան 20 տարի ելոյթ ունենալով ֆութպոլի դաշտերուն վրայ, եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: «Իսկապէս, որոշեցի աւարտել ասպարէզս: Այժմ կ՛աշխատիմ Տինամոյի երիտասարդական խումբի մարզիչներու կազմին մէջ: Բաւականին լաւ ձեւով կ՛ընթանայ այս նոր պաշտօնս: Կը խոստովանիմ, որ ամէն ինչ շատ արագ ձեւով կատարուեցաւ: Կը ծրագրէի շարունակել ելոյթներս,...

«Քոփա Ամերիքա». Չիլի-Արժանթին Աւարտական Մրցումին Իրաւարարը` Քոլոմպիացի

Այս շաբաթավերջին կ՛աւարտի «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը` Չիլի-Արժանթին աւարտական մրցումով: Աւարտական այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ քոլոմպիացի Վիլմար Ռոլտան, կը յայտնեն արժանթինեան լրատուամիջոցները: Հակառակ անոր որ Արժանթին կը նկատուի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն, սակայն այս մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Չիլի, պիտի փորձէ ինք ըլլալ տիտղոսին տիրացողը` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Նշենք, որ այս մրցումը պիտի սկսի այսօր` շաբաթ, 4...

2015-ի Աղջկանց Մոնտիալ.  Վաղը` Ճափոն-Միացեալ Նահանգներ Աւարտական Մրցումը

2015-ի Աղջկանց Մոնտիալ. Վաղը` Ճափոն-Միացեալ Նահանգներ Աւարտական Մրցումը

Վաղը` կիրակի, 5 յուլիսին Քանատայի մէջ իր աւարտին կը հասնի 2015-ի աղջկանց Մոնտիալը, երբ իրարու դէմ կը ճակատին Ճափոն եւ Միացեալ Նահանգներ` Վանքուվըրի մէջ: Տիտղոսակիր Ճափոն պիտի փորձէ 2011-ին իր կատարածը դարձեալ իրականացնել, երբ յաղթած էր (փենալթիներով) նոյնինքն Միացեալ Նահանգներուն: Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին պիտի փորձեն ըլլալ տիտղոսակիրը` իրենց մարզական վրէժը լուծելով Ճափոնէն: Ճափոն աւարտականի իր տոմսը ապահովեց 2-1 արդիւնքով...

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ. Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

Հայկական 4 խումբեր եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքերուն սկսան յաջողութեամբ եւ յաջորդ հանգրուան հասնելու իրենց յոյսերը պահեցին, կը յայտնեէ ArmSport.am: Արձանագրուած 3 յաղթանակներուն եւ 1 հաւասարութեան շնորհիւ, Հայաստան 3 դիրքի ոստում մը արձանագրելով «Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած ակումբներուն դասաւորման մէջ այժմ կը գրաւէ 48-րդ դիրքը: Նշենք, որ Փիւնիկ Երեւան կը մասնակցի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, մինչ Շիրակ, Ալաշկերտ եւ...

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականին Մրցակիցները Յստակացան

Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութսալի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Եւրոպայի գօտիին զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ ընդգրկուեցաւ Դ. խմբակին մէջ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Էսթոնիան, Կիպրոսը եւ Լաթվիան, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Զտումի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 22-25 հոկտեմբերին` Կիպրոսի մէջ: Յաջորդ հանգրուան կ՛անցնին իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի դիրքերը գրաւող խումբերը:

Լուքաս Վասքուեզ Միացաւ Ռէալ Մատրիտի

Սպանական Էսփանիոլ ֆութպոլի ակումբը իր պաշտօնական կայքին միջոցով յայտնեց, որ խումբին մաս կազմող միջնապահ Լուքաս Վասքուեզ միացաւ Ռէալ Մատրիտի: 24 տարեկան ֆութպոլիստը 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ, կը յայտնէ ArmSport.am:

Լուիս Ատրիանօ Միացաւ Ա. Սէ. Միլանի

Ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Լուիս Ատրիանօ իր կազմը լքելով միացաւ Ա. Սէ. Միլանի, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Իտալական ակումբը, որ անոր հետ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, անոր փոխանցման համար վճարեց 8 միլիոն եւրօ: 28 տարեկան Ատրիանօ, որ 8 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Շախտիորի, անոր հետ վեց անգամ հանդիսացած է Ուքրանիոյ ախոյեան, չորս անգամ`...

Պասքեթպոլ. Հայաստան Յաղթեց Մկու Խումբին

Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումի մը ընթացքին յաղթեց Ռուսիոյ ուսանողական լիկայի տիտղոսակիր ՄԿՈՒ խումբին` 91-80 արդիւնքով: Հայրենի կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արտեոմ Թաւալաքեան (21), ապա` Միքայէլ Պօղոսեան (18): Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը կը նախապատրաստուի 91-19 յուլիսին Հունգարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան, իր այս լուրը եզրափակեց ArmSport.am:

Լիբանանեան Դրօշակը Բարձրացաւ Եունիվերսիատ Քորէայի Մէջ

Լիբանանեան Դրօշակը Բարձրացաւ Եունիվերսիատ Քորէայի Մէջ

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Հարաւային Քորէայի մէջ, բարձրացաւ լիբանանեան դրօշակը` Եունիվերսիատի բացման օրը: Քուանկ Ժուի քաղաքապետ Լի Քի բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց լիբանանեան պատուիրակութեան: Աւարտին լիբանանեան պատուիրակութիւնը յիշատակի լուսանկար մը առնուեցաւ Լի Քիի հետ, մինչ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ժորժ Նատեր յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց անոր եւ իր կարգին անկէ ստացաւ յուշանուէր մը:

Կռփամարտ. «Շթիքլիցի Դէմ Այս Մենամարտը Պիտի Ըլլայ Վերջինը» Յայտարարեց Աբրահամ

Արթուր Աբրահամ (ձախին) Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգին WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ անդրադարձաւ գերմանացի Ռոպերթ Շթիքլիցի դէմ իր կատարելիք յառաջիկայ մենամարտին, որ տեղի պիտի ունենայ 18 յուլիսին` Հալէի մէջ: «Երկու անգամ յաղթած եմ Շթիքլիցի, իսկ մէկ անգամ անկէ պարտուած` վնասուածքի պատճառով: Կ՛երաշխաւորեմ, որ այս մենամարտը պիտի ըլլայ վերջինը` մեր երկուքին միջեւ: Ան թէեւ շատ հարուածներ կը հասցնէ, բայց անոնք...

Page 1212 of 1275 1 … 1,211 1,212 1,213 … 1,275

Արխիւներ