
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգին WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ անդրադարձաւ գերմանացի Ռոպերթ Շթիքլիցի դէմ իր կատարելիք յառաջիկայ մենամարտին, որ տեղի պիտի ունենայ 18 յուլիսին` Հալէի մէջ:
«Երկու անգամ յաղթած եմ Շթիքլիցի, իսկ մէկ անգամ անկէ պարտուած` վնասուածքի պատճառով: Կ՛երաշխաւորեմ, որ այս մենամարտը պիտի ըլլայ վերջինը` մեր երկուքին միջեւ: Ան թէեւ շատ հարուածներ կը հասցնէ, բայց անոնք մահացու չեն: Չեմ երաշխաւորեր, որ կը յաղթեմ նաք-աութով, բայց հանդիսատեսներուն մօտ կասկած չեմ ձգեր, թէ ո՛վ է աւելի լաւ կռփամարտիկը», Աբրահամի խօսքերը կը մէջբերէ Armsport.am` օգտագործելով fightnews կայքին հրապարակած մէկ լուրը:
Նշենք, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Աբրահամ արձանագրած է 42 յաղթանակ` (28-ը` նաք-աութով) եւ կրած 4 պարտութիւն, մինչ Շթիքլից` 47 յաղթանակ (27-ը` նաք-աութով) 1 հաւասարութիւն եւ կրած 4 պարտութիւն: