Երէկ, «Ֆորմիւլա -1»-ի աշխարհի ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով իր երկրին մէջ եւ իր համակիրներուն ներկայութեան տիրացաւ Անգլիոյ կրան փրիի մրցումին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Նիքա Ռոզպըրկ հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ փոտիում բարձրացած երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Սեպասթիան Վեթել:
Նշենք, որ Հեմիլթըն արձանագրեց 1 ժամ 31’27” արդիւնք մը, մինչ անոր ետին գտնուողները` 10″ ուշ եւ 25” ուշ արդիւնքներ:
Այժմ Հեմիլթըն իր տրամադրութեան տակ ունի 194 կէտ, մինչ «Մերսետես»-ի անոր խմբակից` Ռոզպըրկ` 177 կէտ: Վեթել ունի 135 կէտ: