Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը Մոսկուայի մէջ կատարեց իր բարեկամական վերջին մրցումը` ճակատելով Ռոսնեֆթ Օքրանա խումբին դէմ եւ պարտուելով 76-65 արդիւնքով:
Հայրենի կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արտեոմ Թաւաքալեան (18 կէտ):
Հայաստան այս ձեւով իր վերջին նախապատրաստութիւնը կատարեց 9-19 յուլիսին Հունգարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Նշենք, որ հայրենի կազմը 7 յուլիսին Մոսկուայէն կը մեկնի Հունգարիա, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: