Հայաստանի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումի մը ընթացքին յաղթեց Ռուսիոյ ուսանողական լիկայի տիտղոսակիր ՄԿՈՒ խումբին` 91-80 արդիւնքով:
Հայրենի կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արտեոմ Թաւալաքեան (21), ապա` Միքայէլ Պօղոսեան (18):
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը կը նախապատրաստուի 91-19 յուլիսին Հունգարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան, իր այս լուրը եզրափակեց ArmSport.am: