Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին կը մասնակցին 8 խումբեր, որոնք մրցումներ պիտի կատարեն 4 հանգրուանով:
Այդ ախոյեանութեան մասնակցող 8 խումբերն են` Փիւնիկ, Ուլիս, Շիրակ, Ալաշկերտ, Միքա, Գանձասար-Կապան, Բանանց եւ Արարատ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի 1 օգոստոսին: