Վաղը` կիրակի, 5 յուլիսին Քանատայի մէջ իր աւարտին կը հասնի 2015-ի աղջկանց Մոնտիալը, երբ իրարու դէմ կը ճակատին Ճափոն եւ Միացեալ Նահանգներ` Վանքուվըրի մէջ:
Տիտղոսակիր Ճափոն պիտի փորձէ 2011-ին իր կատարածը դարձեալ իրականացնել, երբ յաղթած էր (փենալթիներով) նոյնինքն Միացեալ Նահանգներուն: Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին պիտի փորձեն ըլլալ տիտղոսակիրը` իրենց մարզական վրէժը լուծելով Ճափոնէն:
Ճափոն աւարտականի իր տոմսը ապահովեց 2-1 արդիւնքով յաղթելով Անգլիոյ, մինչ ամերիկացիք 2-0 արդիւնքով յաղթեցին Գերմանիոյ: