Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութսալի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Եւրոպայի գօտիին զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ ընդգրկուեցաւ Դ. խմբակին մէջ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Էսթոնիան, Կիպրոսը եւ Լաթվիան, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Զտումի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 22-25 հոկտեմբերին` Կիպրոսի մէջ:
Յաջորդ հանգրուան կ՛անցնին իւրաքանչիւր խմբակի պարագլուխի դիրքերը գրաւող խումբերը: