Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցող Եունիվերսիատ 2015-ի խաղերուն շրջագիծին մէջ, պայքարի մէջ ներգրաւուած են նաեւ մարմնամարզիկները, կը յայտնէ ArmSport.am:
Գեղարուեստական մարմնամարզութեան մարզաձեւին մէջ Հայաստանը ներկայացնող Արթուր Թովմասեան 15.750 կէտ ապահովելով անհատական պայքարին մէջ գրաւեց 66-րդ դիրքը:
Այս մրցումին մասնակցեցան 88 մարզիկներ:
Սուսերամարտի մրցումներուն (աղջիկներ), Լիլիթ Էվոյեան 1-64-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտութիւն կրելով իտալացի Ճիորճիա Փոմեթիէն, դուրս մնաց հետագայ պայքարէն: