Մարզական

Մովսիսեան Միացաւ Սպարտակի Հաւաքին

Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան միացաւ իր կազմին, որ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Զուիցերիոյ մէջ: Sport-express.ru կայքին համաձայն, մոսկուացիները Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին պիտի պատրաստուին Զուիցերիոյ մէջ: Armsport.am եզրափակեց նշելով, որ վերջին շրջանին Մովսիսեան կը մարզուէր անհատական ծրագիրով:  

Անդրանիկ Թէյմուրեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Քաթարի Մէջ

Totalfootball.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Անդրանիկ Թէյմուրեան պայմանագիր մը ստորագրած է քաթարեան ըմ Սաշալ խումբին հետ: Քաթարեան Alkass.net կայքը կը յայտնէ հետեւեալը. «6 մարտ 1983-ին ծնած ազգութեամբ հայ Անդրանիկ Թէյմուրեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Քաթարի ֆութպոլի ախոյեանութեան: Ան արդէն իսկ անցեալին` 2012-2013 տարեշրջանին մաս կազմած է քաթարեան ֆութպոլի ակումբի մը»: Նշենք, որ Իրանի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Փիւնիկ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Երէկուան մրցումէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման, դարձեա՛լ նոյն արդիւնքով` 2-1 յաղթելով իր մրցակիցին` Ֆոլկորէին, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը: Սան Մարինոյի ախոյեանին դէմ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, Կամօ Յովհաննիսեան աջ կողմէն ճեղքելով մրցակիցին պաշտպանողականը, ճշգրիտ հարուածով մը պարտութեան մատնեց մրցակիցին բերդապահին ուռկանը:...

Ռոպերթօ Քարլոս` Հնդկական Ֆութպոլի Ակումբի Մը Մարզիչ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ռոպերթօ Քարլոս, համաձայն գտնուեցաւ ստանձնելու հնդկական Տելհի Տինամոս ֆութպոլի ակումբի մարզիչի պաշտօնը: 42 տարեկան Քարլոս փոխարինեց հոլանտայի Հարմ Վան Վելտհովընին:

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Տիոքովիչ Յաղթեց Երկու Օրերու Վրայ Երկարած Մրցումին

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ յստակացաւ տղոց քառորդ աւարտականին հասնող վերջին մասնակիցին անունը: Թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչ, որ 4-րդ հանգրուանին ետին մրցակից ունէր Քեւին Անտերսոնը (Հարաւային Ափրիկէ, 14-րդ), երկու օրերու վրայ երկարած (մութին պատճառով) մրցումէ մը ետք տարաւ վերջնական յաղթանակը` 6-7, 6-7, 6-1, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով: Աղջկանց քառորդ...

Անհաւատալի Բացյ Իրաւ. Միքրոնեզիա 46-0 Արդիւնքով Ամօթալի Պարտութիւն Մը Կրեց Վանուաթուէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Միքրոնեզիա 46-0 արդիւնքով այլ ամօթալի պարտութիւն մը կրեց` այս անգամ Վանուաթուէն, ողիմպիականի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Վանուաթուի կոլսքորըրը աս մրցումին հանդիսացաւ Ժան Քալթաք, որ նշանակեց 16 կոլ: Միքրոնեզիա, որ իր առաջին ներկայացումը կը կատարէր Ովկիանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մրցաշարքին, նախքան այս ծանր պարտութիւնը կրելը պարտուած էր Թահիթիէն (30-0) եւ Ֆիճիէն (38-0), Խաղաղական խաղերուն, որոնք...

Անտրէա Փիրլօ Միացաւ Նիւ Եորք Սիթիի

«Քալչիօ»-ի կազմերէն Եուվենթուսի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին միջնապահներէն Անտրէա Փիրլօ միացաւ «Մէյճըր Լիկ»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Սիթիին: Իտալիոյ ախոյեանն ու 36 տարեկան ֆութպոլիստը երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզեցին իրենց միջեւ կնքուած համաձայնագիրը: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Փիրլօ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան պիտի ստանայ 5-6 միլիոն ամերիկեան տոլար: Նշենք, որ Եուվէի հետ Փիրլօ 4 անգամ հանդիսացած է երկրին...

Ժերար Լոս Անճելըս Կալաքսիի Համակիրներուն 500 Շիշ Գարեջուր Հրամցուց

Ինչպէս ծանօթ է, Լիվըրփուլի նախկին խմբապետ Սթիւըն Ժերար ամրան ընթացքին տեղափոխուեցաւ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսի: Իր լուրը քաղելով Goal.com կայքէն` Armsport.am կը յայտնէ, որ Կալաքսի-Թորոնթօ մրցումին կիսախաղի դադարին տեղի ունեցաւ Ժերարի շնորհահանդէսը` նոր ակումբին հետ: Այդ շնորհահանդէսէն կարճ ատեն մը առաջ Ժերար իր նոր խումբին համակիրներուն 500 շիշ գարեջուր հիւրասիրած է: Նշենք, որ ան Կալաքսիի հետ իր առաջին...

Պրազիլցի Միրանտա Միացաւ Ինթեր Միլանի

Ինթեր Միլանի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի պրազիլցի յետսապահ Ժոաօ Միրանտա միացաւ խումբին: 30 տարեկան ֆութպոլիստը իտալական ակումբին հետ իր պայմանագիրը կնքեց Միլանոյի մէջ բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք: Ան Աթլեթիքօ Մատրիտի միացաւ 2011-ին: Սպանական ակումբին հետ ան 177 մրցումի ընթացքին նշանակեց 13 կոլ: Ըստ միջազգային կարգ մը լրատուամիջոցներու, անոր փոխանցման համար Ինթեր Միլան վճարեց 15 միլիոն եւրօ:  

Եուվենթուս Երկարաձգեց Ալլեկրիի Եւ Մարքիզիոյի Պայմանագրութիւնները

Եուվենթուսի նախագահ Անտրէա Անիելլի երկարաձգեց պայմանագրութիւնները խումբի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի եւ միջնապահ Քլաուտիօ Մարքիզիոյի հետ, կը յայտնէ Totalfootball.am: Մարզիչին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2017 ամառ, իսկ ֆութպոլիստինը` մինչեւ 2020 ամառ: Եուվէի նախագահը իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այդ երկարաձգումները տեղի ունեցան` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած են խումբին մէջ եւ անոր յաջողութիւններուն նպաստած:...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ախոյեանութիւն (18 Տարեկանէն Վար) . Լիբանան Կրեց Պարտութիւն Մը Եւ Արձանագրեց Յաղթանակ Մը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ախոյեանութեան, կրեց քիչ մը դժուար պարտութիւն մը, երբ մէկ կողովի տարբերութեամբ` 72-70 արդիւնքով տեղի տուաւ Եգիպտոսի դիմաց: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին Լիբանան 82-56 արդիւնքով յաղթեց Իրաքին: Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, յաջորդաբար պիտի մրցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ֆոլկորէ-Փիւնիկ Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 7 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ Ֆոլկորէ - Փիւնիկ ճակատումը: Նշենք, որ հայրենի կազմը երթին իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սան Մարինոյի ախոյեանին դէմ: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին համար գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է Անտորրայէն Իկնասի Վալիամոր Ռոսաթոս, կը յայտնէ ArmSport.am: Նշենք, որ այս...

«Թուր Տը Ֆրանս».  3-րդ Հանգրուանը Յատկանշուեցաւ  Հեծելանւորդներուն Միջեւ Բաւական Մեծ Արկածով Մը

«Թուր Տը Ֆրանս». 3-րդ Հանգրուանը Յատկանշուեցաւ Հեծելանւորդներուն Միջեւ Բաւական Մեծ Արկածով Մը

Խուաքին Ռոտրիկես Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին («Թուր տը Ֆրանս») 3-րդ հանգրուանի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Անվերսէն` Հիւ (159.5 քմ), թէեւ աւարտեցաւ յաղթանակով սպանացի Խուաքին Ռոտրիկեսի «Քաթուշա» խումբին մաս կազմող), որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 3 ժամ 26'54'' արդիւնք մը, սակայն այս հանգրուանը յատկանշուեցաւ բաւական զօրաւոր եւ ծանր արկածով մը` նկատի ունենալով, որ տասնեակ մը հեծելանւորդներ արկածի մը ենթարկուելով եւ բախում...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»  Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ  Արզի 24-րդ Ռելիին Տիտղոսին

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Արզի 24-րդ Ռելիին Տիտղոսին

PROFOTO Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Արզի 24-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի 2015-ի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած այս ռելիին մասնակցեցան 24 ինքնաշարժներ որոնցմէ 15-ը յաջողեցան հասնիլ ժամանման գիծ: Ռոժէ Ֆըղալի իր օգնականին` պելճիքացի Լարա Վանեսթի հետ գրաւեց առաջին դիրքը «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-10 Ար-4»), արձանագրելով 57'18''...

Փինկ Փոնկ. Ֆատի Քիուան Տիրացաւ «Տեր Սալիպ» Հիւանդանոցին Կազմակերպած Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ «Տեր Սալիպ» հիւանդանոցին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 64 մարզիկներու: Տիտղոսին տիրացաւ Ժամհուր ակումբին մաս կազմող Ֆատի Քիուան, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ահմետ Մուսթաֆա Հարպին (Պարահեմ Նապաթիէ): 3-րդ դիրքը գրաւեցին Ահմետ Հիւսէյն Հարպ (Լիբանանեան բանակ) եւ Ղալեպ Ֆահըս (Պարահեմ Նապաթիէ): Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Արտակ Եդիգարեան Հեռացաւ Զալկիրիսէն

Լիթուանիոյ գործող ախոյեան Զալկիրիս եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Արտակ Եդիգարեան, երկկողմանի համաձայնութեամբ իրարու հետ իրենց պայմանագիրը խզեցին, կը յայտնէ ArmSport.am: Յունուար 2014-ին, Զալկիրիսի միացած Եդիգարեան իր կազմին հետ կատարեց 23 մրցում: Անոր հետ Եդիգարեան երկու անգամ հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, իսկ երկու անգամ ալ` բաժակակիր:

Տիեկօ Ֆորլան Տեղափոխուեցաւ Փենիարոլ

Իր լուրը քաղելով «Մարքս» կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ ուրուկուէյցի յառաջապահ Տիեկօ Ֆորլան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակԷ իր հայրենիքին մէջ Փենիարոլի հետ: 36 տարեկան ֆութպոլիստին նախկին ակումբն էր ճափոնական Սերեսօ Օսաքան, որմէ ան տեղափոխուեցաւ Փենիարոլ` իբրեւ ազատ մարզիկ եւ ուր պիտի կրէ թիւ 10 շապիկը: Ճափոնի մէջ վերջին շրջանին ան 16 մրցումի ընթացքին նշանակեց 10 կոլ:

Թենիս. Ուիմպըլտըն.  Սերենա Ուիլիըմզ Յաղթեց Իր Քրոջ` Վինըսին

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Սերենա Ուիլիըմզ Յաղթեց Իր Քրոջ` Վինըսին

Ուիլիըմզ քոյրերը Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ թիւ 1 դասուած Սերենա Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ), ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց իր քրոջ` Վինըսին (16-րդ): Մարիա Շարափովա Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 4-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովա, որ 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զարինա Տիասը (Ղազարեան): Տղոց 4-րդ...

2015-ի Աղջկանց Մոնտիալ. Միացեալ Նահանգներ Տիրացան Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին Վանքուվըրի մէջ (Քանատա) աւարտեցաւ 2015-ի աղջկանց Մոնտիալը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` տիտղոսակիր Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Միացեալ Նահանգներ երրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացան աշխարհի ախոյեան, աւարտական այս մրցումին 5-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ճափոնի: Ամերիկացիներու խմբապետ Քարլի Լլոյտ Հեթրիք մը իրագործեց, (3-րդ, 5-րդ եւ 16-րդ) որուն շնորհիւ անոր կազմը 1999-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով բարձրացուց այս մրցաշարքին տիտղոսը:...

Եունիվերսիատ-2015-ի Պաշտօնական Բացման Արարողութիւնը Կատարուեցաւ

PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին Հարաւային Քորէայի Կուանկ Ժու քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եունիվերսիատ-2015-ի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որ տեւեց շուրջ 2 ժամ` ներկայութեամբ բազմահազար հանդիսատեսներու: Բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին տողանցեց նաեւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ 70 երկսեռ մարզիկներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ: Նշենք, որ լիբանանեան դրօշակը այդ տողանցքին բռնած էր թեքուանտոյի ախոյեան Էլիաս Հատարի: Լիբանանցի մարզիկները կը մասնակցին թենիսի, փինկ փոնկի, սուսերամարտի, լողարշաւի,...

Page 1211 of 1275 1 … 1,210 1,211 1,212 … 1,275

Արխիւներ