Ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Լուիս Ատրիանօ իր կազմը լքելով միացաւ Ա. Սէ. Միլանի, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Իտալական ակումբը, որ անոր հետ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, անոր փոխանցման համար վճարեց 8 միլիոն եւրօ:
28 տարեկան Ատրիանօ, որ 8 տարիէ ի վեր մաս կը կազմէ Շախտիորի, անոր հետ վեց անգամ հանդիսացած է Ուքրանիոյ ախոյեան, չորս անգամ` երկրի բաժակակիր, իսկ մէկ անգամ ալ իր կազմին հետ բարձրացուցած է «Եուրոփա լիկ»-ին տիտղոսը:
Իր ակումբին հետ իր ունեցած բոլոր ելոյթներուն ընթացքին Ատրիանօ ընդամէնը նշանակած է 129 կոլ: