Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցող ամառնային Եունիվերսիատի շրջանակներուն մէջ սկսաւ ժիւտոյի մրցաշարքը:
Այս մարզաձեւին մէջ Հայաստանը կը ներկայացնեն Արսէն Ղազարեան, Դաւիթ Նիկողոսեան եւ Անդրանիկ Չափարեան:
Թէեւ 81 քկ դասակարգին մէջ Չափարեան 1-16-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտուեցաւ հարաւային քորէացի իր մրցակիցէն, սակայն յաջողեցաւ մրցաշարքը շարունակել, բայց նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը հասաւ աւարտական հանգրուան, ինք շարունակելով մրցաշարքը վերջնական արդիւնքով գրաւեց 7-րդ դիրքը, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: