
Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին տեղի ունեցաւ Փաթրիք Ասսաֆի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի 11-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 228 երկսեռ մարզիկներուն, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները.
Լիբանանեան բանակ, Անդրանիկ Անթիլիաս, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Մոն լա Սալ, Նատուա Քամաթիէ, Ժնուպ Թուլ, Շեպիպեթ Շիահ, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա, Շիահ Ռիատի, Շապապ Ֆաուար եւ Ժամհուր:
Տեղի ունեցան տարիքային դասակարգերու` մեծերու, վեթերաններու իր զոյգի շարք մը մրցումներ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս վեթերաններու մրցաշարքին յաջողեցաւ տիրանալ երկու մետալի` շնորհիւ Ղայս Խուրի Հաննայի (2-րդ) եւ Ժոզեֆ Նըմնոմի (3-րդ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին անդամներուն, հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ մարզիկներուն ծնողներուն:
Մրցումները տեղի ունեցան մարզիչներ Ֆետի Քիուանի եւ Ժոզեֆ Շալհուպի հսկողութեամբ:


