Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը մրցաշարքը հիւրընկալող երկրին` Չիլիի եւ Արժանթինի միջեւ:
Չիլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, երբ փենալթիներով 4-1 արդիւնքով յաղթեց Արժանթինի: Նշենք, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով:
Հիւրընկալ երկիրը, որ միայն առաջին անգամ ըլլալով 38 պաշտօնական մրցումի ընթացքին յաղթեց Արժանթինի, այսպիսով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին, մրցաշարքին 99 տարուան պատմութեան մէջ, մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան, որ գնահատուեցաւ շուրջ 46 հազար հանդիսատեսով:
Փերու` Պրոնզէ Մետալակիր
Ինչ կը վերաբերի 3-րդ դիրքի մրցումին, Փերու, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Փարակուէյին, հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր: Անտրէ Քարրիլօ (48-րդ) եւ Խոսէ Փապլօ Կէօրերօ (89-րդ) նշանակեցին Փերուի կոլերը:
Այսպիսով, Փերու յաջորդաբար երկրորդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ 3-րդ: Խումբի նախկին մարզիչ Սերճիօ Մարգարեան 2011-ին հանդիսացած էր երրորդ: