Հայկական 4 խումբեր եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքերուն սկսան յաջողութեամբ եւ յաջորդ հանգրուան հասնելու իրենց յոյսերը պահեցին, կը յայտնեէ ArmSport.am:
Արձանագրուած 3 յաղթանակներուն եւ 1 հաւասարութեան շնորհիւ, Հայաստան 3 դիրքի ոստում մը արձանագրելով «Եու. Է. ԷՖ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած ակումբներուն դասաւորման մէջ այժմ կը գրաւէ 48-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Փիւնիկ Երեւան կը մասնակցի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, մինչ Շիրակ, Ալաշկերտ եւ Ուլիս` «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: