Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին ընդառաջ, Բանանց Երեւան վերադարձաւ փորձառու բերդապահ Ստեփան Ղազարեան, կը յայտնէ ակումբին պաշտօնական կայքը:
Լուրը հաղորդող ArmSport.am կայքը կը շարունակէ նշելով, որ Ղազարեան 2007-2013 տարիներուն հանդէս եկած է Բանանցի կազմին մէջ, իսկ վերջին տարիներուն խաղցած է Արարատի եւ Ալաշկերտի կազմերուն հետ:
Նշենք, որ Բանանցի հետ պայմանագիր ստորագրած են նաեւ պրազիլցի Լայերսիոն եւ Միքայի նախկին ֆութպոլիստ Վարդան Մովսիսեան: