Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Տինամօ Մոսկուայի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի աւելի քան 20 տարի ելոյթ ունենալով ֆութպոլի դաշտերուն վրայ, եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
«Իսկապէս, որոշեցի աւարտել ասպարէզս: Այժմ կ՛աշխատիմ Տինամոյի երիտասարդական խումբի մարզիչներու կազմին մէջ: Բաւականին լաւ ձեւով կ՛ընթանայ այս նոր պաշտօնս: Կը խոստովանիմ, որ ամէն ինչ շատ արագ ձեւով կատարուեցաւ: Կը ծրագրէի շարունակել ելոյթներս, սակայն Հայաստան-Փորթուգալ մրցումէն ետք ամէն ինչ փոխուեցաւ, անոր խօսքերէն կը մէջբերէ ArmSport.am: