Այս շաբաթավերջին կ՛աւարտի «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը` Չիլի-Արժանթին աւարտական մրցումով:
Աւարտական այս մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ քոլոմպիացի Վիլմար Ռոլտան, կը յայտնեն արժանթինեան լրատուամիջոցները:
Հակառակ անոր որ Արժանթին կը նկատուի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն, սակայն այս մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Չիլի, պիտի փորձէ ինք ըլլալ տիտղոսին տիրացողը` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Նշենք, որ այս մրցումը պիտի սկսի այսօր` շաբաթ, 4 յուլիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 23:00-ին: