Մարզական

Աքթոպէ Յաղթեց. Փիցելլի` Կոլի Հեղինակ

Մարքոս Փիցելլի Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Աքթոպէ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Աթիրաուին: Մրցումին 46-րդ վայրկեանին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Մարքոս Փիցելլի նշանակեց իր կազմին 2-րդ կոլը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աքթոպէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Քայրաթի նման ունեցաւ 44 կէտ:  

9 Օրուան Ընթացքին` 10 Միլիոն Եւրօ Եկամուտ

Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ասիական երկիրներ կատարած իր շրջապտոյտին 9 օրերուն ընթացքին ապահոված է 10 միլիոն եւրոյի եկամուտ մը, կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթը: Այդ եկամուտին մեծ մասը ստացուած է մարզաշապիկներուն վաճառքէն` նկատի ունենալով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծախուած է 75 եւրոյի: Ակումբին պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Մենք որոշած ենք կեդրոնանալ Չինաստանի վրայ` նկատի ունենալով, որ շուկայի հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ,...

ՔՈՆՔԱՔԱՖ-ի Բաժակի Մրցաշարք. Մեքսիքա Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՔՈՆՔԱՔԱՖ-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ յանդիման եկան Մեքսիքա եւ Ժամայքա: Մեքսիքա 10-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ժամայքային: Նշենք, որ Մեքսիքայի ետին այս մրցաշարքին երկրորդ ամէնէն շատ (5 անգամ) տիրացած խումբն է Միացեալ Նահանգներու խումբը:

Արժանթինցի Բերդապահ Ռոմերօ Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Արժանթինցի Բերդապահ Ռոմերօ Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Սերճիօ Ռոմերօ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ իր կազմին միացուց արժանթինցի բերդապահ Սերճիօ Ռոմերոն: 28 տարեկան Ռոմերօ, որ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անգլիական ակումբին հետ, անցեալին իրեն մարզիչ ունեցած է Եունայթըտի այժմու մարզիչ Լուիս Վան Կաալը, երբ անոնք երկուքը մաս կը կազմէին Ազ Ալքմաարի (Հոլանտա): «Աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկուն` Եունայթըտի մաս կազմելը ինծի համար մեծ երազի...

2016-2017 Տարեշրջանին. Կուարտիոլա` Մանչեսթըր Սիթիի Մարզիչ

Եոսիփ Կուարտիոլա Միջազգային մարզական լրատու աղբիւրներ նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեցին, որ Պայէրն Միւնիխի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա 2016-2017 տարեշրջանին պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչը: Գերմանական ակումբին հետ 44 տարեկան Կուարտիոլայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-ի ամրան: Այնպէս կը թուի, որ ան մտադիր չէ իր պաշտօնը շարունակել Պայէրնի հետ եւ կ՛ուզէ աշխատիլ Անգլիոյ մէջ: Նշենք, որ Մանչեսթըր Սիթիի այժմու մարզիչն է չիլիցի Մանուէլ Փելլեկրինի:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մաժըտ Շըհիմ` 92-74

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Թ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Անթիլիաս նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 92-74 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մաժըտ Շըհիմը: Նշենք, որ մրցումը տեղի ունեցաւ Շանվիլի դաշտին վրայ` Տիք Մըհտի: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 67-48 արդիւնքով յաղթած էր Ֆրեր Պէյթ Մերիի:

2018-ի Մոնտիալի Վիճակաձգութիւն. Հայաստան Մաս Կազմեց Ե. Խմբակին. Սպանիա Եւ Իտալիա` Նոյն Խմբակին Մէջ

Շաբաթ, 25 յուլիսին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ 2018-ի Մոնտիալին վիճակաձգութիւնը: Եւրոպայի ցամաքամասին պարագային, Է. խմբակը եղաւ քիչ մը զօրաւոր, որովհետեւ նոյն խմբակին մէջ եղան Սպանիա եւ Իտալիա: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Ե. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռումանիան, Դանիան, Լեհաստանը, Մոնթենեկրոն եւ Ղազախստանը: Զտումի մրցումները պիտի սկսին սեպտեմբեր 2016-ին եւ պիտի աւարտին հոկտեմբեր 2017-ին: Ռուսիոյ Մոնտիալին...

Ըմբշամարտ. Հայաստան 9 Ըմբիշով Կը Մասնակցի Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեանութեան

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 2-8 օգոստոսին Սերպիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան կը մասնակցի 9 ըմբիշով: Այդ 9 ըմբիշներն են` Աշոտ Մխիթարեան (42 քկ), Սերկէյ Սիմոնեան (46 քկ), Հայկ Մելիքեան (50 քկ), Տիգրան Մինասեան (54 քկ), Էտկար Թամազեան (58 քկ), Մալխաս Ամոյեան (63 քկ), Ոսկան Հախոյեան (69 քկ), Յակոբ Պաղտասարեան (76 քկ) եւ Յակոբ Թադէոսեան (100...

«Թուր Տը Ֆրանս».  Անգլիացի Քրիսթաֆըր Ֆրում Տիրացաւ Տիտղոսին

«Թուր Տը Ֆրանս». Անգլիացի Քրիսթաֆըր Ֆրում Տիրացաւ Տիտղոսին

Երէկ` կիրակի, 26 յուլիսին, աւարտեցաւ «Թուր տը ֆրանս»-ը, երբ տեղի ունեցաւ 21-րդ հանգրուանի մրցումը` Սեվրը Կրան Փարիզ Սեն Ուեսթէն Փարիզ Շան Զ՛ելիզէ (109,5 քմ): Նախքան այս հանգրուանը տեղի ունենալը, արդէն իսկ 20-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին արդիւնքները, (այս հանգրուանը տեղի ունեցաւ Մոտան Վալֆրեժիւսէն` Ալփ Տ՛հիւզ (110,5 քմ)), եղան ի նպաստ «Սքայ» խումբի անգլիացի հեծելանւորդ Քրիսթաֆըր Ֆրումի, որ ապահովեց տիտղոսը` առանց սպասելու...

Գէորգ Ղազարեան Իր Նորամուտը Նշեց Կոլով Մը

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան տեղափոխուեցաւ Փորթուգալ եւ միացաւ տեղւոյն կազմերէն Մարիթիմոյի: Նախորդ շաբաթավերջին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Մարիթիմօ - Պրակա ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, կը յայտնէ ArmSport.am: Ղազարեան, որ այս մրցումին իր նորամուտը նշեց, ոչ միայն իր կազմին հետ յաղթանակ մը արձանագրեց (2-0), այլեւ 72-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը: Նշենք, որ Փորթուգալի ֆութպոլի...

Փետրօ Պիտի Միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտի

«Էլ Փայիս» կայքին համաձայն, Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Փետրօ շուտով պիտի միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտի: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Փետրօ նոր տարեշրջանը պիտի սկսի Մանչեսթըր Եունայթըտի շապիկով: Կը կարծուի, որ անոր փոխանցման համար Եունայթըտ պիտի վճարէ 22 միլիոն փաունտ սթերլինկ: 27 տարեկան ֆութպոլիստին հետ, անգլիական ակումբը չորս տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ, կը նշեն կարգ մը անգլիական լրատու աղբիւրներ`...

«Ֆորմիւլա-1». Վեթել Յաղթական` Հունգարիոյ Մէջ

Սեպասթիան Վեթել «Ֆորմիւլա-1»-ի 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան 10-րդ կրան փրին, որ տեղի ունեցաւ երէկ Հունգարիոյ մէջ, աւարտեցաւ Սեպասթիան Վեթելի յաղթանակով: Ան 69 լեփնոց այս մրցումին արձանագրեց 1 ժամ 46' 09" արդիւնք մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց Տանիել Քվիաթ (15" ուշ), իսկ 3-րդ դիրքը Տանիել Ռիքիարտօ` 25" ուշ: Ստորեւ` վարորդներուն ընդհանուր դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Լուիս Հեմիլթըն (Անգլիա) 202 2.- Նիքօ...

Ռէալ Մատրիտ Կը Մերժէ Ռոնալտոն Ծախել 120 Միլիոն Եւրոյի

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «ԱՍ» կայքը կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ կը մերժէ իրեն մաս կազմող յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն ծախել նուազ քան մէկ միլիառ  եւրոյի: Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն Ռոնալտոյի համար առաջարկեց 120 միլիոն եւրօ, որ սակայն մերժուեցաւ արքայական ակումբին կողմէ, կը շարունակէ «ԱՍ»: Ռէալ Մատրիտ Սեն Ժերմենի պատասխանատուներուն կ՛ըսէ, որ Ռոնալտոյի հրաժարագինը կը կազմէ 1 միլիառ եւրօ:

2018-ի Մոնտիալ.  Բացման Մրցումը` Մոսկուայի Լուժնիքի Մարզադաշտին Մէջ

2018-ի Մոնտիալ. Բացման Մրցումը` Մոսկուայի Լուժնիքի Մարզադաշտին Մէջ

  «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի Լուժնիքի մարզադաշտը պիտի հիւրընկալէ 2018-ի Մոնտիալին բացման մրցումը: ՖԻՖԱ-ն ատիկա պաշտօնապէս հաստատեց երէկ: Քազան, Նիժնի Նովկորոտ, Սոչի եւ Սամարա, պիտի հիւրընկալեն քառորդ աւարտականի մրցումները, մինչ կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան Ս. Փեթերսպուրկի եւ Մոսկուայի մէջ: Աշխարհի այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող Ռուսիան բացման մրցումը պիտի կատարէ 14 յունիսին: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն 30 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկեց Պարսելոնան

Goal.com կայքը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնա 30 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ: Ինչպէս նշուեցաւ «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին Պարսելոնայի համակիրները Եուվենթուսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին բարձրացուցած են Քաթալոնիոյ դրօշակը: Ատկէ բացի, Պարսելոնայի համակիրները վիրաւորական արտայայտութիւններ ուղղած են իտալական ակումբին համակիրներուն հասցէին, կ՛եզրափակէ TotalFootball.am:

Հրացանաձգութիւն. Հրաչ Բաբայեան Շատ Մօտ Էր Մետալի Տիրանալուն

ArmSport.am հաղորդեց, որ Հայաստանի զօրաւորագոյն հրացանաձիգ Հրաչ Բաբայեան շատ մօտ էր մետալի տիրանալուն Մարիպորի մէջ (Սլովենիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի հրացանաձգութեան ախոյեանութեան ընթացքին: Հայաստանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 50 մեթր, հրացանաձգութիւն` 3 դիրքէն, 3x40 կրակելու երիտասարդներու մրցումներուն Հրաչ Բաբայեան ապահովելով 1148 կէտ եւ 48 մրցակիցներու մէջ գրաւելով 6-րդ դիրքը, անցաւ աւարտական հանգրուան: Աւարտականին ան յաջողեցաւ բարելաւել իր դիրքերը, սակայն շատ մօտ...

Տի Մարիա Շատ Հաւանաբար Շաբաթավերջին Միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի

Այնպէս կը թուի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Անխել Տի Մարիա այս շաբաթավերջին պիտի միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերը իրարու հետ համաձայնութեան եկած են, կը յայտնէ «Ֆրանս Ֆութպոլ»: Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, անգլիական ակումբը իր արժանթինցի մարզիկին համար փարիզեան ակումբէն պիտի գանձէ 10 միլիոն եւրօ: Սակայն կը կարծուի, որ այդ գումարին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդուին անոր փոխանցումէն...

Խորէն Պայրամեան Վերադարձաւ Ռոսթով

Հայ միջնապահ Խորէն Պայրամեան ամբողջացուց Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկա»-ին մէջ հանդէս եկող Ռոսթովի կազմը, կը յայտնէ ArmSport.am: Ֆութպոլիստը արդէն նկատի առնուեցաւ Ռոսթովի կազմէն եւ ան դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 19 մարզաշապիկով: Պայմանագրութեան ժամկէտներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չփոխանցուեցան: Նշենք, որ Պայրամեան նախապէս մաս կը կազմէր Ռոսթովի: Նախորդ տարեշրջանին ֆութպոլիստը մաս կազմած էր Վոլքայի, որուն հետ ան դաշտ ներկայացաւ 32 մրցումի` Ռուսիոյ առաջին...

Ըստ Մեթրոյի. Ռոնալտօ Օգոստոսին Կը Տեղափոխուի Մանչեսթըր Եունայթըտ

Օգոստոսին Մանչեսթըր Եունայթըտ պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հետ, կը յայտնէ «Մեթրօ» կայքը: Անգլիական ակումբը 30 տարեկան ֆութպոլիստին համար պատրաստ է վճարելու 95 միլիոն եւրօ: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Ռոնալտօ կ՛ուզէ նոր տարեշրջանի նախապատրաստական շրջանը անցընել Ռէալ Մատրիտի հետ, որմէ ետք միայն տեղափոխուիլ Անգլիա: Նշենք, որ շաբաթասկիզբին, Մանչեսթըրի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ յայտարարած էր, որ ակումբին համակիրներուն մեծ...

Արարատ Յաղթանակով Աւարտեց Իր Ուսումնամարզական Հաւաքը

Ռուսիոյ Քրիմսք քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Արարատ իր կատարած վերջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-1 արդիւնքով յաղթելով տեղւոյն կազմերէն Անափայի, յայտնեց հայկական ակումբին պաշտօնական կայքը: Իր կատարած առաջին մրցումին, Արարատ 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Ռուսիոյ ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիրէն` Քրասնոտարէն, մինչ երկրորդին` Քուպան-2-էն (3-2): Նշենք, որ Արարատ 27 յուլիսին կը վերադառնայ Երեւան, ուր քանի մը օր ետք կը սկսին բարձրագոյն...

Page 1204 of 1275 1 … 1,203 1,204 1,205 … 1,275

Արխիւներ