Մարզական

Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը 5-2 Արդիւնքով Յաղթեց Քուէյթի Ախոյեանին

Պատրաստուելու համար Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութեան` Պէյրութի դրամատունը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Քուէյթի ախոյեանին` Քատիսիէի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի ախոյեանին յաղթանակով` 5-2 արդիւնքով: Պէյրութի դրամատան համար այս մրցումը եղաւ վերջին փորձ-մրցումը, նախքան Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան ազդանշանը տրուիլը: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ Սպահանի մէջ (Իրան): Նշենք, որ Ասիոյ ախոյեանութեան գծով Լիբանանի ախոյեանը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը` շաբաթ, 1...

Մեքսիքա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը` Հերերան

Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Միկել Հերերա երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ պաշտօնանկ եղաւ` նկատի ունենալով, որ ան հարուածեց լրագրողի մը, որ քննադատեց խումբին ներկայացումները` «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին: «Լսելէ ետք այս ուղղութեամբ շատերու կարծիքը, որոշեցի պաշտօնանկ ընել խումբին մարզիչը», ըսաւ մեքսիքացի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Տեսիօ տը Մարիա: Նշենք, որ այդ լրագրողն էր Քրիսթիան Մարթինոլի, որ մեքսիքական «Ազթեքա» պատկերասփիւռի կայանին...

Վարդան Պօղոսեան Քուպանէն Տեղափոխուեցաւ Փիւնիկ

Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ կէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց յառաջապահ Վարդան Պօղոսեանի հետ, յայտնեց ArmSport.am: Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստը վերջին մէկ տարին մաս կազմելով Քուպանի, իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ քրասնոտարցիներուն երկրորդ խումբին հետ: Նախքան Քուպանի միանալը, 23 տարեկան ֆութպոլիստին ակումբն էր սպանական Մուրսիան: Նշենք, որ Պօղոսեանի կէս տարուան պայմանագրութեան աւարտէն ետք ան պիտի վերադառնայ Քուպան, որմէ փոխ առնուեցաւ:

Ֆելիփէ Լուիս Վերադարձաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ

Պրազիլցի ֆութպոլիստ Ֆելիփէ Լուիս, որ 2014-ի ամրան փոխան 20 միլիոն եւրոյի Աթլեթիքօ Մատրիտէն տեղափոխուեցաւ Չելսի, վերադարձաւ իր նախկին ակումբին, յայտնեց Աթլեթիքոյի պաշտօնական կայքը: Մատրիտեան ակումբը 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 29 տարեկան ֆութպոլիստին հետ: Անոր փոխանցման գումարին շուրջ ճշգրիտ յայտարարութիւն մը չկատարուեցաւ, սակայն կը կարծուի, որ լոնտոնեան ակումբը ստացաւ 16 միլիոն եւրօ:    

Մեսսի Պիտի Բացակայի Արժանթինի Կատարելիք Յաջորդ Մրցումէն

Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք յաջորդ մրցումին: Նշենք, որ նախապէս կը հաղորդուէր, որ Մեսսի այսուհետեւ իր մասնակցութիւնը չբերէ Արժանթինի կատարելիք յաջորդ մրցումներուն:

Փինկ Փոնկ.  Ժամհուր Կը Կազմակերպէ Փաթրիք Ասսաֆի Անուան 11-րդ Մրցաշարքը

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած մէկ ժողովին ընթացքին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր անդամներուն մեծամասնութեան ներկայութեան տուաւ շարք մը որոշումներ: Մերժուեցան ֆետերասիոնի երկու անդամներուն` Միշել Ռըզքալլայի եւ Ժորժ Քուփալիի ներկայացուցած հրաժարականները, եւ անոնց յանձնարարուեցաւ շարունակել իրենց աշխատանքը ֆետերասիոնին մէջ: Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, բաղկացած` Ահմետ Արաքժիէ, Փիեռ Հանիէ (ֆետերասիոնի անդամներ) եւ Քամիլ Մըրհապէ (միջազգային իրաւարար), որոնց տրուեցաւ 30 օրուան ժամանակամիջոց մը` ֆետերասիոնին մանրամասն...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներու

Ինչպէս ծանօթ է, օգոստոսին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ: Նախապատրաստուելու համար այդ մրցումներուն` Հայաստանի հաւաքականը 30 յուլիսէն 1 օգոստոս մարզական հաւաք պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնին` ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: 2 օգոստոսին հաւաքականը պիտի մեկնի Իսրայէլ, ուր 3 եւ 5 օգոստոսին պիտի մրցի իր հրեայ հասակակիցներուն դէմ, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական...

Կռփամարտ. 50 Տարեկան Պեռնար Հոփքինզ Կ՛ուզէ Մենամարտիլ Արթուր Աբրահամի Դէմ

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, միջին կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան ամերիկացի Պեռնար Հոփքինզ կ՛ուզէ մենամարտիլ WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am լրատուական կայքը` մէջբերելով «Պոքսինկսին»-ի հրապարակած լուրէն բաժիններ: «Ասպարէզս չեմ աւարտած ցարդ եւ գործող կռփամարտիկ եմ: Յոյս ունիմ, որ ինծի առիթ մը կ՛ըլլայ` պայքարելու համար Աբրահամի դէմ, WBO-ի վարկածի տիտղոսին համար», ըսաւ 50 տարեկան Հոփքինզ: Նշենք, որ Հոփքինզ առաջին...

Հայրենի Կռփամարտիկները Ամենայն Լրջութեամբ Կը Պատրաստուին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայրենի Կռփամարտիկները Ամենայն Լրջութեամբ Կը Պատրաստուին Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի կռփամարտի մեծերու հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ, Ծաղկաձորի մէջ իր վերջին փորձերը կը կատարէ, նախքան Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան սկսիլը: Այս տարի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կը նկատուի շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ 1-16-րդ դիրքերը գրաւողները պիտի ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: Իսկ աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին մարզիկները պիտի փորձեն ձեռք ձգել ողիմպիական խաղերու տոմս: Նշենք, որ Պուլկարիոյ մէջ...

Օրբելի Համբարձումեան Հեռացաւ Բանանցէն

Փոխադարձ համաձայնութեամբ մը խզուեցաւ Բանանց Երեւանի եւ ակումբին 19 տարեկան յառաջապահ Օրբելի Համբարձումեանի միջեւ կնքուած պայմանագիրը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Համբարձումեան, որ փետրուար 2015-ին միացաւ Բանանցին, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցեցաւ ընդամէնը միայն մէկ մրցումի, կը յայտնէ ArmSport.am: Բանանց ֆութպոլի ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Համբաձումեանին` միացեալ աշխատանքի համար եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայի արհեստավարժ ասպարէզին գծով:

Բանանց-2 5-0 Արդիւնքով Յաղթեց Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Բանանցի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Բանանց-2 5-0 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին: Արման Խաչատրեան հեթրիք մը իրագործեց, մինչ Էտկար Մովսիսեան եւ Վլատիմիր Բաբայեան նշանակեցին մէկական կոլ:

Մանչեսթըր Եունայթըտ Մտադիր Չէ Փետրոյի Համար Վճարել 32 Միլիոն Եւրոյէն Աւելի

Մանչեսթըր Եունայթըտ կը շարունակէ իր բանակցութիւնները Պարսելոնայի հետ, անոր մարզիկին` Փետրոյի փոխանցման գծով համաձայնութեան գալու համար: Կը նշուի, որ անգլիական ակումբը մտադիր չէ անոր փոխանցման համար 32 միլիոն եւրոյէն աւելի վճարել Պարսելոնային: Նշենք, որ նախապէս կը հաղորդուէր, որ քաթալոնական ակումբը մտադիր չէ ծախելու իր յառաջապահը:  

Ռոպեն Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Պայէրն Միւնիխի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբին միջնապահ Արժեն Ռոպեն վերսկսաւ իր փորձերուն` իր խմբակիցներուն հետ: Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահը յոյս յայտնեց, որ Վոլֆսպուրկի դէմ տեղի ունենալիք Գերմանիոյ գերբաժակի մրցաշարքին պատրաստ ըլլայ եւ մասնակցի այդ մրցումին:

Ռամոս Իր Պայմանագրութիւը Պիտի Երկարաձգէ Ռէալ Մատրիտի Հետ

«Մարքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս հանդիպում մը ունեցած է արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հետ եւ համաձայնութեան եկած իր պայմանագիրը երկարաձգելու գծով: Ռամոս ըսաւ, որ իրեն համար նիւթականը այդքան ալ կարեւոր չէ: Էականը, շեշտեց Ռամոս, Ռէալի հետ ըլլալն է: Կը կարծուի, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին պայմանագրութեան երկարաձգման գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ...

Տրոկպա Միացաւ Մոնրէալ Իմփեքթին

Չելսիի նախկին յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա միացաւ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Մոնրէալ Իմփեքթին, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: 37 տարեկան Տրոկպայի Միացեալ Նահանգներ մեկնումով, այդտեղ անցեալի անուանի ֆութպոլիստներուն թիւը հետզհետէ կը բազմանայ: Նշենք, որ արդէն իսկ հոն կը գտնուին անգլիացիներ Սթիւըն Ժերար (Լոս Անճելըս Կալաքսի), Ֆրանք Լամփար (Նիւ Եորք Սիթի), պրազիլցի Քաքա (Օրլանտօ), սպանացի Տաւիտ Վիյա (Նիւ Եորք Սիթի) եւ իտալացի Անտրէա...

Հայկ Գալստեան Մաս Պիտի Կազմէ Հոֆընհայմի 19 Տարեկանէն Վար Խումբին

Հայկ Գալստեան (աջին) Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի միջնապահ Հայկ Գալստեան, որ հանդէս կու գար Հոֆընհայմի 17 տարեկանէն վար խումբին հետ, փոխեց իր տարիքային խումբը, կը յայտնէ ArmSport.am: Ան այժմ մաս պիտի կազմէ գերմանական ակումբին 19 տարեկանէն վար խումբին: Նշենք, որ Գալստեան այժմ կը գտնուի Հայաստան եւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ պիտի մեկնի Իսրայէլ` բարեկամական մրցումներ կատարելու համար:...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստան 6 Ըմբիշով Կը Մեկնի Պրազիլ

10-16 օգոստոսին, Պրազիլի Սալվատոր Տա Պահիա քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ըմբշամարտի երիտասարդական աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանի յունահռոմէական ոճի երիտասարդական հաւաքականը հանդէս պիտի գայ հետեւեալ 6 ըմբիշներով. Նորայր Հախոյեան (50 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (55 քկ), Տարօն Տումոյեան (60 քկ), Կարէն Ասլանեան (66 քկ), Արմէն Յակոբեան (74 քկ) եւ Էտկար Խաչատրեան (130 քկ):...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ամառնային Բաժակի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Տիրացան Երկու Պրոնզ Մետալի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի ամառնային բաժակի ախոյեանութեան երկսեռ տարիքային մրցումները: Երէկ ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց այդ մրցումներուն պաշտօնական արդիւնքները, զորս կու տանք ստորեւ: Այս ամառնային բաժակի ախոյեանութեան ընթացքին աղջկանց 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Մեղրի Գանթարճեան (ՀՄԸՄ Անթիլիաս) գրաւելով երրորդ դիրքը տիրացաւ պրոնզ մետալին: 3-րդ դիրքը...

Ռուսական Ֆութպոլ. Եուրա Մովսիսեանի Կոլը Յաղթանակ Պարգեւեց Սպարտակին

Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: Սպարտակ Մոսկուա, որ մրցեցաւ Քրասնոտարի դէմ, նուազագոյն հաշիւով յաղթանակ մը արձանագրեց: Սպարտակի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ 13-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Այսպիսով, ան իր կազմին հետ այս նոր տարեշրջանին նշանակեց իր առաջին կոլը: Նշենք, որ Արազ Օզպիլիս իբրեւ պահեստի...

Պարսելոնա Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Ատրիանոյին

Ատրիանօ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը տեղեկացնէ, որ Պարսելոնա մտադիր է, իր կազմին մէջ պահել պրազիլցի յետսապահ Ատրիանոն` նկատի ունենալով, որ անոր առաջարկած է նոր պայմանագրութիւն մը: Պարբերաթերթը կը նշէ, որ այդ պայմանագիրի երկարաձգման նախաձեռնութիւնը մարզիչ Լուիս Էնրիքէին է: Այդ պայմանագիրին ժամկէտը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառը: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան «Լա լիկա»-ի չորս մրցումի մասնակցեցաւ` նշանակելով 2 կոլ:  

Page 1203 of 1275 1 … 1,202 1,203 1,204 … 1,275

Արխիւներ