
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ իր կազմին միացուց արժանթինցի բերդապահ Սերճիօ Ռոմերոն:
28 տարեկան Ռոմերօ, որ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անգլիական ակումբին հետ, անցեալին իրեն մարզիչ ունեցած է Եունայթըտի այժմու մարզիչ Լուիս Վան Կաալը, երբ անոնք երկուքը մաս կը կազմէին Ազ Ալքմաարի (Հոլանտա):
«Աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկուն` Եունայթըտի մաս կազմելը ինծի համար մեծ երազի մը իրականացումն է: Իսկապէս, Վան Կաալ բացառիկ յատկութիւններ ունեցող մարզիչ մըն է», ըսաւ Ռոմերօ, որ այս ամրան ընթացքին լքեց Սամտորիան` իր պայմանագրութեան աւարտէն անմիջապէս ետք:
Այլ գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու մէջ շրջապտոյտ կատարող Մանչեսթըր Եունայթըտ բաւական լաւ ձեւով կը պատրաստուի նոր տարեշրջանին:

Վան Կաալի կազմը նախորդ շաբաթավերջին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պարսելոնան: Սակայն վերջինէս կը բացակայէին Լիոնել Մեսսի եւ Նէյմար:
Պարսելոնա, նախքան Եւրոպա իր վերադարձը, վաղը կը մրցի «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ:


