Մարզական

Ժերար Լոփես` Պարսելոնա – Բ. Խումբին Մարզիչ

Քաթալոնիական ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Պարսելոնա-Բ. խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ նախկին ֆութպոլիստ Ժերար Լոփես: 36 տարեկան Լոփես 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պարսելոնայի հետ: Ժերար եղած է Պարսելոնայի մարզադպրոցի սան եւ գլխաւոր խումբին հետ հանդէս եկած է 2000-2005 ժամանակամիջոցին: ArmSport.am լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ նախորդ տարեշրջանին արդիւնքներով Պարսելոնայի երկրորդ խումբը լքեց «Սեկունտա»-ն:  

Հայկական Ֆութպոլ. Բանանց 5-0 Արդիւնքով Յաղթեց Արցախի Հաւաքականին

Բանանցի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը` Բանանցի եւ Արցախի հաւաքականին միջեւ, յայտնեց Բանանցի պաշտօնական կայքը: Բանանցի ֆութպոլիստները 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին (կիսախաղ` 2-0): ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ 30-րդ վայրկեանին Արցախի կազմը սխալմամբ իր բերդին մէջ կոլ մը նշանակեց, մինչ 38-րդ վայրկեանին Պետրոս Աւետիսեան արդիւնքը բարձրացուց երկուքի: Բ. կիսախաղին Անդրանիկ Քոչարեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ վերջին կոլը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Առաջին Մրցակիցը` Հիլալ Հարեթ Նաամէ

Չորեքշաբթի, 22 յուլիսի յետմիջօրէին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան, Պէյրութ) տեղի ունեցաւ լիբանանեան ֆութպոլի 2015-2016 տարեշրջանի տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն, ախոյեանութիւններուն, ինչպէս նաեւ 2014-2015 տարեշրջանի պիչ-ֆութպոլի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, այսինքն` թէ ո՛ր խումբը որուն դէմ պիտի մրցի: Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն ժամանակներուն եւ դաշտերուն ճշդումին, այդ ժամանակացոյցը պիտի հրապարակուի ֆետերասիոնին յաջորդ ժողովէն ետք: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ...

ՀՄԸՄ Անթիլիաս Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց  Նեմանժա Պժետովի Հետ

ՀՄԸՄ Անթիլիաս Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Նեմանժա Պժետովի Հետ

ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր աղջկանց խումբի սերպ մարզիչ Նեմանժա Պժետովի հետ, որ նախորդ տարեշրջանին իր խումբին հետ հանդիսացաւ Լիբանանի փոխախոյեան, մինչ բաժակի մրցաշարքին գծով հասաւ աւարտականին: Իր պայմանագրութեան երկարաձգումէն ետք Պժետով ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, նոր տարեշրջանին աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու եւ գոհ ձգելու խումբին համակիրները: Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը իր մասնակցութիւնը...

25-27 Յուլիսին. Աթլեթիզմի Անհատական Բաց Ախոյեանութիւն` Ժամհուրի Մէջ

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 25-27 յուլիսին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց Լիբանանի աթլեթիզմի բաց ախոյեանութեան անհատական մրցումները:

«Եուրոփա Լիկ». Ալաշկերտ Եւ Շիրակ Եւս Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

Երէկ երեկոյեան եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերը հայկական ակումբներուն համար հասան իրենց աւարտին` նկատի ունենալով, որ Ալաշկերտ եւ Շիրակ եւս հրաժեշտ տուին «Եուրոփա լիկ»-ին: Երթին իր կրած պարտութեան նման, Շիրակ դարձեալ պարտուեցաւ իր հիւրէն «ԱԻՔ» Սթոքհոլմէն: Հիւր կազմը իր երկու կոլերն ալ նշանակեց Ա. կիսախաղին` 14-րդ եւ 24-րդ վայրկեաններուն: Սակայն Ալաշկերտ յաղթական ձեւով հրաժեշտ տուաւ եւրոպական մրցաշարքերուն` նկատի ունենալով, որ անիկա 2-1...

Պասքեթպոլ. Հայաստան Գրաւեց Գ. Դասակարգի Պարագլուխի Դիրքը

Հայաստանի 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի աղջկանց հաւաքականը Անտորրայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը յաջողութեամբ յաղթահարեց, երբ խմբային հանգրուանի մրցումներուն գրաւեց իր խմբակին պարագլուխի դիրքը, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը: Հայաստանի ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց Կալես, իսկ 3-րդ եւ վերջին դիրքը` Ճիպրալթար: ArmSport.am լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ այսօր Հայաստան կիսաւարտականին գծով մրցում մը ունի կատարելիք:

Ճատրակ.  Տիգրան Ս. Պետրոսեան Ամբողջացուց Կրանտմասթըրի 2-րդ Չափանիշը

Ճատրակ. Տիգրան Ս. Պետրոսեան Ամբողջացուց Կրանտմասթըրի 2-րդ Չափանիշը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am հաղորդեց, որ Պարսելոնայի մէջ աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին սքանչելի ներկայացումներ ունեցաւ երեւանցի միջազգային վարպետ Տիգրան Ս. Պետրոսեան, որ գրաւեց 4-րդ դիրքը: Այս մրցաշարքին աւարտէն ետք յայտնի դարձաւ այն իրողութիւնը, որ ան ամբողջացուց կրանտմասթըրի 2-րդ չափանիշը:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ: Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ յաջորդաբար Իրաքի եւ Պաղեստինի դէմ: Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 26 օգոստոսին, իսկ երկրորդը` երկուշաբթի, 31 օգոստոսին: Երկու մրցումներն ալ, որոնք տեղի պիտի ունենան Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսին ժամը 17:00-ին: Կազմուեցաւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Շիրակ – «Աիք» Եւ Ալաշկերտ – Քայրաթ Ալմաթի

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ ճակատումներ: Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Շիրակ եւ Ալաշկերտ: Շիրակ ժամը 15:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) պիտի հիւրընկալէ ԱԻՔ Սթոքհոլմը (Շուէտ), մինչ ժամը 18:00-ին Ալաշկերտ` Քայրաթ Ալմաթին (Ղազախստան): Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումներուն հայկական երկու խումբերն ալ իրենց դաշտերէն դուրս պարտութիւններ կրեցին: Շիրակ պարտուեցաւ...

Համահայկական 6-րդ Խաղեր. 2-13 Օգոստոս.  Ֆութպոլի Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը

Համահայկական 6-րդ Խաղեր. 2-13 Օգոստոս. Ֆութպոլի Մրցաշարքին Վիճակաձգութիւնը

Ինչպէս ծանօթ է, 2-13 օգոստոսին, Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան համահայկական 6-րդ խաղերը: Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Այս մրցաշարքին մրցումները տեղի պիտի ունենան Աբովեանի եւ Գիւմրիի մէջ: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը. Ա. ԽՄԲԱԿ Թիֆլիս, Պէյրութ, Մարսէյ, Չալթըր եւ Քուէյթ: Բ. ԽՄԲԱԿ Կլենտէյլ, Ախալքալաք, Լոնտոն, Թականրոք եւ Սիսիան: Գ. ԽՄԲԱԿ Ստեփանակերտ, Սպահան, Վլատիմիր եւ Կլենտէյլ Մանրուզ:...

Լիբանանի Քոնկ Ֆուի (Սանտա) Ախոյեանութիւն. Լուէյզի Զուք Մոսպեհ Տիրացաւ Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Պուտտա ակումբին մէջ (Ատմա) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սանտայի ախոյեանութիւնը: Առաջին դիրքը գրաւեց եւ տիտղոսին տիրացաւ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ, որ ապահովեց 58 կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Պել Հորիզոն (37 կէտ) եւ Անթունիէ Պաապտա (31 կէտ): Աւարտին ֆետերասիոնը մրցանակաբաշխութիւնը կատարելէ ետք հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք Լիբանանի ազգային խումբին հետ իրենց...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ակումբներու Դասաւորման Մէջ. Փիւնիկի Յաղթանակը Օգտակար Եղաւ Հայաստանի Համար

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Մոլտէի: Այս յաղթանակը օգտակար եղաւ Հայաստանի համար, անոր տալով յաւելեալ կէտեր` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ակումբներու դասաւորման մէջ: Հայկական ակումբներուն վարկանիշը կազմեց 1.375, որ ներկայ դրութեամբ 13-րդն է Եւրոպայի մէջ: 2011-2012-էն 2015-2016 տարեշրջաններուն Հայաստանի վարկանիշը կը կազմէր 3.875 (48-րդ):...

Հայկական Ֆութպոլ.  Հայաստանի 24-րդ Ախոյեանութիւնը Կը Սկսի 1 Օգոստոսին

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 24-րդ Ախոյեանութիւնը Կը Սկսի 1 Օգոստոսին

1 օգոստոսին ազդանշանը կը տրուի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 24-րդ ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին: Ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ աշուն-գարուն դրութեամբ եւ բաղկացած կ՛ըլլայ 4 շրջաններէ: Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին հետեւեալ 8 խումբերը. Փիւնիկ, Ուլիս, Շիրակ, Ալաշկերտ, Միքա, Գանձասար - Կապան, Բանանց եւ Արարատ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը յայտնէ նաեւ, որ 3 օգոստոսին կը սկսի նաեւ Հայաստանի առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը: Ստորեւ`...

«ԿԱԿ» Համախմբումի 18-րդ Մարզախաղեր.  Հաշեմ Հայտար Եւ Ուրիշներ Պարգեւատրուեցան

«ԿԱԿ» Համախմբումի 18-րդ Մարզախաղեր. Հաշեմ Հայտար Եւ Ուրիշներ Պարգեւատրուեցան

26 յուլիսէն 16 օգոստոս «ԿԱԿ» համախմբումը կը կազմակերպէ տարեկան իր 18-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Ապրին գիւղաքաղաքին մէջ (Պաթրուն): Տեղի պիտի ունենան շարք մը մարզախաղեր, որոնց կարգին` աթլեթիզմ, հեծելարշաւ, քանոյ եւ այլն: Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, երէկ «ԿԱԿ» տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` համախմբումին պատուոյ նախագահ Ժորժ Շահինի բնակարանին մէջ (Ապրին), ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու: Այս հանդիսութեան...

Սերճիօ Մարգարեան Լքեց Յունաստանը

«Կրիք-ֆութպոլ» կայքին համաձայն, Յունաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Սերճիօ Մարգարեան հեռացաւ իր պաշտօնէն: Ան աշխատանքի սկսած էր նախորդ 12 փետրուարին եւ իր պաշտօնին վրայ մնացած 5 ամիսէ աւելի: Անոր գլխաւորութեամբ Յունաստան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հունգարիոյ հետ եւ պարտուեցաւ Ֆարօ կղզիներէն` Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Նշենք, որ 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Յունաստան կը գրաւէ Զ. խմբակին վերջին դիրքը: Սակայն...

Սանչիս Կը Պատասխանէ Մուրինիոյի Քննադատութիւններուն

Ռէալ Մատրիտի նախկին խմբապետ Մանոլօ Սանչիս յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով պաշտպանեց սպանացի բերդապահ Իքեր Քասիասը: Ան պատասխանեց արքայական ակումբի նախկին մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին, որ այժմ Չելսիի մարզիչն է: Փորթուգալցի մասնագէտ Մուրինիօ նշած է, որ իրեն զարմացուցած է երկրին մէջ ստեղծուած վիճակը, ինչ կը վերաբերի Փորթոյի նոր մարզիկին` Քասիասին տարեկան 3.5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ վճարելուն: «Հետաքրքրական էր հետեւիլ Մուրինիոյի աշխատանքին` Ռէալ...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան Պարտուեցաւ Սրի Լանքայէն (3-2) Եւ Փոխադրուեցաւ Գ. Խմբակ

Ասիա - Ովկիանիա Բ. շրջանին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանան 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Սրի Լանքայէն, փոխադրուեցաւ Գ. խմբակ: 2-0 արդիւնքով ուշանալէ ետք, թէեւ Լիբանան արդիւնքը հաւասարեցուց (2-2), սակայն դաշտին տէրը տարաւ վերջնական յաղթանակը` 3-2 արդիւնքով: Պէտք է նշել, որ Լիբանանէն կը բացակային կարգ մը հիմնական մարզիկներ, մինչ զօրաւոր տաքը եղաւ ի նպաստ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Փիւնիկ Յաղթեց, Բայց… Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Երէկուան մրցումէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան թէեւ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Նորվեկիոյ ախոյեան Մոլտէին, սակայն չկրցաւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն, որովհետեւ երթին 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրած էր իր մրցակիցէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Զաւէն Պատոյեան` 74-րդ վայրկեանին:

Կայել Անտոնեան Իր Առաջին Արհեստավարժ Պայմանագրութիւնը Ստորագրեց

Կայել Անտոնեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ, Օլեմփիք Մարսէյի երիտասարդական խումբի խմբապետ Կայել Անտոնեան այսուհետեւ ելոյթ պիտի ունենայ ֆրանսական ակումբին գլխաւոր խումբին հետ: 20 տարեկան ֆութպոլիստը, իր արհեստավարժ ասպարէզի առաջին պայմանագիրը ստորագրեց խումբին հետ, կը յայտնէ ArmSport.am: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Մեծ հպարտութիւն կը զգամ: Նախորդ տարիներու տքնաջան աշխատանքս տուաւ իր արդիւնքը: Գլխաւոր խումբին հետ պիտի շարունակեմ յառաջդիմել` իբրեւ...

Page 1205 of 1275 1 … 1,204 1,205 1,206 … 1,275

Արխիւներ