
Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ասիական երկիրներ կատարած իր շրջապտոյտին 9 օրերուն ընթացքին ապահոված է 10 միլիոն եւրոյի եկամուտ մը, կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթը:
Այդ եկամուտին մեծ մասը ստացուած է մարզաշապիկներուն վաճառքէն` նկատի ունենալով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծախուած է 75 եւրոյի:
Ակումբին պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Մենք որոշած ենք կեդրոնանալ Չինաստանի վրայ` նկատի ունենալով, որ շուկայի հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ մենք այդտեղ ունինք 90 միլիոն համակիր»:
Չինաստանի մէջ Պայէրն Միւնիխ կատարեց ֆութպոլի բարեկամական երեք մրցում` յաղթելով Վալենսիայի (4-1) եւ Ինթեր Միլանի (1-0) եւ պարտուելով Կուանկզուէն (փենալթիներով` 5-4):


