Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Թ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Անթիլիաս նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 92-74 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մաժըտ Շըհիմը:
Նշենք, որ մրցումը տեղի ունեցաւ Շանվիլի դաշտին վրայ` Տիք Մըհտի:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 67-48 արդիւնքով յաղթած էր Ֆրեր Պէյթ Մերիի: