«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի Լուժնիքի մարզադաշտը պիտի հիւրընկալէ 2018-ի Մոնտիալին բացման մրցումը: ՖԻՖԱ-ն ատիկա պաշտօնապէս հաստատեց երէկ:
Քազան, Նիժնի Նովկորոտ, Սոչի եւ Սամարա, պիտի հիւրընկալեն քառորդ աւարտականի մրցումները, մինչ կիսաւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան Ս. Փեթերսպուրկի եւ Մոսկուայի մէջ:
Աշխարհի այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող Ռուսիան բացման մրցումը պիտի կատարէ 14 յունիսին: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15 յուլիսին:
Նշենք, որ 2018-ի Մոնտիալին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 25 յուլիսին, Քոնսթանթինովսքի պալատին մէջ, Ս. Փեթերսպուրկ (Ռուսիա):