Հայ միջնապահ Խորէն Պայրամեան ամբողջացուց Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկա»-ին մէջ հանդէս եկող Ռոսթովի կազմը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ֆութպոլիստը արդէն նկատի առնուեցաւ Ռոսթովի կազմէն եւ ան դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 19 մարզաշապիկով:
Պայմանագրութեան ժամկէտներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չփոխանցուեցան:
Նշենք, որ Պայրամեան նախապէս մաս կը կազմէր Ռոսթովի:
Նախորդ տարեշրջանին ֆութպոլիստը մաս կազմած էր Վոլքայի, որուն հետ ան դաշտ ներկայացաւ 32 մրցումի` Ռուսիոյ առաջին դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, նշանակելով 2 կոլ: