Goal.com կայքը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնա 30 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ:
Ինչպէս նշուեցաւ «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին Պարսելոնայի համակիրները Եուվենթուսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին բարձրացուցած են Քաթալոնիոյ դրօշակը:
Ատկէ բացի, Պարսելոնայի համակիրները վիրաւորական արտայայտութիւններ ուղղած են իտալական ակումբին համակիրներուն հասցէին, կ՛եզրափակէ TotalFootball.am: