«Էլ Փայիս» կայքին համաձայն, Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Փետրօ շուտով պիտի միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտի:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Փետրօ նոր տարեշրջանը պիտի սկսի Մանչեսթըր Եունայթըտի շապիկով:
Կը կարծուի, որ անոր փոխանցման համար Եունայթըտ պիտի վճարէ 22 միլիոն փաունտ սթերլինկ:
27 տարեկան ֆութպոլիստին հետ, անգլիական ակումբը չորս տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ, կը նշեն կարգ մը անգլիական լրատու աղբիւրներ` աւելցնելով, որ Փետրոյով հետաքրքրուած եղած են նաեւ Չելսի եւ Լիվըրփուլ: