Այնպէս կը թուի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Անխել Տի Մարիա այս շաբաթավերջին պիտի միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերը իրարու հետ համաձայնութեան եկած են, կը յայտնէ «Ֆրանս Ֆութպոլ»:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, անգլիական ակումբը իր արժանթինցի մարզիկին համար փարիզեան ակումբէն պիտի գանձէ 10 միլիոն եւրօ:
Սակայն կը կարծուի, որ այդ գումարին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդուին անոր փոխանցումէն ետք միայն, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: