Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան տեղափոխուեցաւ Փորթուգալ եւ միացաւ տեղւոյն կազմերէն Մարիթիմոյի:
Նախորդ շաբաթավերջին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Մարիթիմօ – Պրակա ֆութպոլի բարեկամական մրցումին, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ղազարեան, որ այս մրցումին իր նորամուտը նշեց, ոչ միայն իր կազմին հետ յաղթանակ մը արձանագրեց (2-0), այլեւ 72-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Նշենք, որ Փորթուգալի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 16 օգոստոսին: