Ռուսիոյ Քրիմսք քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Արարատ իր կատարած վերջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-1 արդիւնքով յաղթելով տեղւոյն կազմերէն Անափայի, յայտնեց հայկական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Արարատ 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Ռուսիոյ ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիրէն` Քրասնոտարէն, մինչ երկրորդին` Քուպան-2-էն (3-2):
Նշենք, որ Արարատ 27 յուլիսին կը վերադառնայ Երեւան, ուր քանի մը օր ետք կը սկսին բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի մրցումները: 2 օգոստոսին Արարատ կը հիւրընկալէ Ուլիսը: