Օգոստոսին Մանչեսթըր Եունայթըտ պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հետ, կը յայտնէ «Մեթրօ» կայքը:
Անգլիական ակումբը 30 տարեկան ֆութպոլիստին համար պատրաստ է վճարելու 95 միլիոն եւրօ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Ռոնալտօ կ՛ուզէ նոր տարեշրջանի նախապատրաստական շրջանը անցընել Ռէալ Մատրիտի հետ, որմէ ետք միայն տեղափոխուիլ Անգլիա:
Նշենք, որ շաբաթասկիզբին, Մանչեսթըրի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ յայտարարած էր, որ ակումբին համակիրներուն մեծ անակնկալ մը կը սպասէ: