ArmSport.am հաղորդեց, որ Հայաստանի զօրաւորագոյն հրացանաձիգ Հրաչ Բաբայեան շատ մօտ էր մետալի տիրանալուն Մարիպորի մէջ (Սլովենիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի հրացանաձգութեան ախոյեանութեան ընթացքին:
Հայաստանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 50 մեթր, հրացանաձգութիւն` 3 դիրքէն, 3×40 կրակելու երիտասարդներու մրցումներուն Հրաչ Բաբայեան ապահովելով 1148 կէտ եւ 48 մրցակիցներու մէջ գրաւելով 6-րդ դիրքը, անցաւ աւարտական հանգրուան:
Աւարտականին ան յաջողեցաւ բարելաւել իր դիրքերը, սակայն շատ մօտ ըլլալով մետալներուն, գրաւեց 4-րդ դիրքը:
50 մեթր, հրացանաձգութիւն` պառկած վիճակի մէջ, 60 կրակոցի մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող Իրինա Լաուեր 63 մասնակցողներու մէջ 601.1 կէտ ապահովելով գրաւեց 56-րդ դիրքը:
Նշենք, որ հայ մարզիկներուն ելոյթները կ՛աւարտին այս շաբաթավերջին: